ԹԻՒՐՔՄԵՆԻՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ

Թիւրք­մե­նիս­տա­նի Նա­խա­գահ Կուր­պան­կու­լու Պեր­տի­մու­հա­մէ­տով այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թուր­քիա։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան վա­ղը Իս­թան­պու­լի մէջ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Էր­տո­ղան աշ­խա­տան­քա­յին ճաշ մը պի­տի սար­քէ ի պա­տիւ իր թիւրք­մեն պաշ­տօ­նակ­ցին։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու հա­սա­րա­կաց օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կուած խնդիր­նե­րուն։ Րէճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղան եւ Կուրպանկուլու Պեր­տի­մու­հա­մէ­տով կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ պի­տի ու­նե­նան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով շարք մը խնդիր­նե­րու շուրջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015