ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ՎՐԱՅՈՎ ՀԱՐՈՒԱԾ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան այս առ­թիւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Թուր­քիոյ կող­մէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ ձեռ­նարկո­ւած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Բաց աս­տի, ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ա­պա­կա­յուն, քաո­սա­յին մթնո­լոր­տին հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու տե­սա­կէ­տէ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, թէ ան­կա­րե­լի է ան­տար­բեր մնալ Թուր­քիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղեալ ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ։ Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան բա­ցատ­րեց, թէ Թուր­քիա մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հի­ման վրայ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ այս պայ­քա­րը։

Իր կար­գին, Հա­սան Ռու­հա­նին ալ խոր ցաւ յայտ­նեց ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու զո­հե­րուն հա­մար եւ Էր­տո­ղա­նի ան­ձին մէջ վշտակ­ցու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դին։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, որ­քան ա­տեն որ Պե­շար Է­սատ շա­րու­նա­կէ մնալ իշ­խա­նու­թեան գլուխ, Սու­րիոյ մէջ կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ վստա­հու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Ռու­հա­նի ը­սաւ, որ հա­կա­ռակ կարգ մը նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, Թեհ­րան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Մինչ այդ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու վեր­ջին օ­րե­րուն տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Այս եր­կու հան­դի­պում­ներն ալ տե­ղի ու­նե­ցան Մա­լե­զիոյ մէջ, ուր վեր­ջին օ­րե­րուն ա­նոնք կը մաս­նակ­ցէին Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րու միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու 48-րդ ժո­ղո­վին։

Միւս կող­մէ, Թուր­քիա երկ­րէն ներս ու դուրս կը շա­րու­նա­կէ հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Զու­գա­հե­ռա­բար, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն բարձ­րա­ցած ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ հա­ր-ւած­ներ հաս­ցու­ցած են Ի­ՇԻՊ-ին։ Փեն­թա­կո­նի աղ­բիւր­նե­րը յայտ­նե­ցին, թէ սա Թուր­քիոյ կող­մէ ԱՄՆ-ի ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րուն հա­մար տրուած թոյլ­տուու­թեան մէկ տարրն է։ Փեն­թա­կո­նի բան­բեր Լաու­րա Սի­լի խօս­քե­րով, Թուր­քիա եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան մաս­նա­կից տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րը վճռա­կան են Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պա­տե­րազ­մե­լու՝ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ամ­րապնդ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015