ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԿԱՊԵՐԸ

Հայաստան-սփիւռք համահայկական 11-րդ կրթական խորհրդաժողովը այս օրերուն համախմբած է աշխարհի 15 երկիրներէն շուրջ 100 պատուիրակ։ Աղուերանի մէջ տեղի կ՚ունենայ համաժողովը, որ սկսաւ երէկ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոսի 9-ը։ Հաւաքի մասնակիցները կը քննարկեն սփիւռքահայ վարժարաններու առկայ խնդիրները։ Երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուին այս խորհրդաժողովները, որոնց կը մասնակցին սփիւռքի դպրոցներուն թէ՛ մասնագիտական եւ թէ վարչական պատասխանատուները։

Խորհրդաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արթուր Մարտիրոսեան, որ նման հանդիպումներու իրագործումը կարեւորեց համահայկական կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու առումով։ «Սա շատ լուրջ ու կարեւոր հարթակ մըն է սփիւռքի կրթական գործընթացի կազմակերպիչներուն հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու եւ զանոնք իրարու հետ կապելու տեսակէտէ։ Այս համաժողովը գործող մարտահրաւէրներուն եւ յառաջացած խնդիրներուն լուծում տալու, զանոնք հասցէագրելու լաւագոյն միջոցն է», ըսաւ փոխ-նախարարը, որ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումներուն։ Արթուր Մարտիրոսեանի խօսքով՝ Հայաստան միացած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Փոխակերպուող կրթութիւն 2030» օրակարգին եւ նպատակայարմար կ՚ըլլայ, որպէսզի սփիւռքի մէջ կրթութիւնը եւս ըլլայ ժամանակի շունչին եւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումներուն համահունչ։

Կը նախատեսուի, որ խորհրդաժողովի աւարտին եզրափակիչ յայտարարութիւն մը ընդունուի՝ քննարկումներու հիման վրայ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2024