ՀԱՅՈՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԸ

Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը քաղաքական կամք կը պահանջէ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութիւնը վերջին ամիսներուն տուած է դրական արդիւնք։ Իր խօսքով՝ գերիներու եւ կորստեալներու հարցը այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման առանցքային տարրերու շարքին է։ Ի լրումն այս բոլորին՝ Թոյվօ Քլաար ընդգծեց, որ Ատրպէյճան պարտաւորութիւն ունի հայոց՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ արժանապատիւ ու անվտանգ վերադարձի հարցին շուրջ։

Քլաարի այս յայտարարութիւնները համընկնեցան՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր միջնորդական ջանքերու գործադրման պատրաստութիւններուն վերաբերեալ հաղորդումներուն։

Միւս կողմէ, Պաքու արձագանգեց Քլաարի յայտարարութիւններուն՝ զանոնք որակելով կողմնակալ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ յարգանք կը ցուցաբերուի միայն հայկական ծագումով անձերու Ղարաբաղ վերադառնալու մտադրութեան վերաբերեալ, եթէ անոնք յարգեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2024