ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՇՓՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐՈՒԻ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը ծրագրուի հանրապետութեան նախագահներու միջեւ շփում մը։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ անցեալ տարի երկու երկիրներու առեւտուրի ծաւալը կազմած է 17 միլիառ տոլար, իսկ այս տարի 19 միլիառ տոլարի կը մօտենայ։ Անգարա եւ Փարիզ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս ալ հետամուտ են կարեւոր ծրագրի մը, ինչ որ նախագահ Էրտողանի եւ նախագահ Մաքրոնի միջեւ ալ քննարկման առարկայ դարձած է։ Այս նախագծին շուրջ թեքնիք պատուիրակութիւններու աշխատանքը կը շարունակուի։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ սարքած ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Մեր տեսակցութեան ընթացքին համամիտ գտնուեցանք, որպէսզի մեր համագործակցութիւնը շարունակենք տարածաշրջանային եւ համաշխարհային փորձութիւններու դէմ։ Ակնյայտ է, որ Ֆրանսայի հետ ամէն նիւթի շուրջ համամիտ չենք։ Բայց սա արգելք մը չէ երկխօսութեան եւ համատեղ աշխատանքի համար։ Նկատեցինք նաեւ, որ երկխօսութեան ճանապարհով մեր տարակարծութիւնները կը նուազին։ Զանազան միջավայրերու մէջ իրարու մասին խօսելու փոխարէն՝ իրարու հետ խօսիլը աւելի առողջ երեւոյթ մըն է։ Բաց աստի, օգտակար է նախագահներու մակարդակին վրայ այցելութեան մը իրականացումը։ Խորհրդակցեցանք, թէ ինչպէս կրնանք այսպիսի այցելութիւն մը ծրագրել»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2022