ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ԿԸ ՏԱՔՆԱՅ
Կարեւոր օրեր պիտի ապրի Լիբանանը։ Խօսքը անշուշտ նոր նախագահի ընտրութեան մասին է, որ պէտք է իրականացուի մինչեւ հոկտեմբերի 31-ը։ Այդ կը թելադրէ երկրի սահմանադրութիւնը եւ այդ կանոնին հիմամբ երկրի գործող նախագահ զօր. Միշել Աուն պարտաւոր է Պաապտայի նախագահական պալատը լքել մինչեւ վերը նշուած թուականը։
Մինչ այդ, երկրին մէջ տեղի կ՚ունենան բազմակողմանի շփումներ, որոնք ձեւով մը պիտի պատրաստեն նախագահական ընտրութեան հիմնական գաղտնաբառը՝ «password»ը։
Անշուշտ, յառաջիկայ ընտրութիւններու մեծագոյն քուէարկողը պիտի ըլլայ «Հիզպուլլահ» կուսակցութիւնը, որուն համար ալ շատ կարեւոր է, որ ընտրուելիք նախագահը ըլլայ «չափաւորական» ու ամենակարեւորը՝ հասկնայ եւ յարգէ «դիմադրութեան գիծ»ի հիմնարար կանոնները։ Թէկուզ «Հիզպուլլահ» ինչպէս տարբեր փուլերու, աճապարելու խնդիր չէ դրած իր առջեւ, բայց եւ այնպէս, հարկ եղած պարագային կրնայ միջամտել եւ խաղը իր ուզած ուղղութեամբ տանիլ։
Եթէ խօսինք անուններու «սակարան»ին մասին, ապա պիտի նկատենք, որ այսօր մեծ հաշուով չորս հիմնական թեկնածուներու մէջէն գլխաւոր թեկնածուներ կը շարունակեն մնալ երկրի բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն եւ «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլայման Ֆրանժիէ, իսկ միւս երկու թեկնածուները՝ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժահ եւ «Ազգային ազատ հոսանք» շարժումի ղեկավար Ժըպրան Պասիլ, որոնք մինչեւ վերջերս կը համարուէին հաւանական թեկնածուներ, այսօր արդէն կը ներկայանան որպէս խաղի մասնակիցներ կամ խաղը «տնօրինել փորձող»ներ։
Նախագահական ընտրութեան առընթեր այսօր ամենէն կենսական խնդիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան հարցն է, որուն իրականացումը կամ «կեսարեան» ծնունդը կրնայ նպաստել, որ Լիբանան ունենայ չափաւորական նախագահ մը, որուն օրով ալ երկրի տնտեսական աղէտը կրնայ կասեցուիլ ու Լիբանանը անցնի մասնակի վերականգնումի փուլ մը։ Իսկ եթէ այս մէկը չիրականանայ, այդ պարագան արդէն կրնայ տանիլ առնուազն երկու կամ երեք բեմագրութիւններու։
Աս բոլորէն անդին յստակ է, որ ներկայ պահու դրութեամբ նախագահ ընտրուելու հիմնական առիթ ունին բանակի հրամանատար Աունն ու Ֆրանժիէն, բացի եթէ չըլլան բացառիկ իրավիճակներ, որոնց հետեւանքով ալ նոր նախագահ ունենալու լիբանանցիներու յոյսերը կրնան ամբողջապէս ջուրը իյնալ եւ այդ անշուշտ կը նշանակէ, որ Լիբանանը կրնայ յայտնուիլ ապահովական ցնցումներով, տնտեսական տագնապներով եւ մեծ անորոշութիւններով անյայտին գացող անցանկալի վիճակներու եւ օրերու մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան