ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳԸ

Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումէն ետք Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ինք կը հաւատայ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելի է կնքել քանի մը ամիսէն, վերստին կ՚ընդգծէ Պաքուի շտապողականութիւնը Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու ուղղութեամբ: Այս շտապողականութեան իբրեւ հիմնաւորում՝ Ալիեւ կը հաստատէ, որ հայկական կողմը ընդունած է Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերը եւ այդ համաձայնութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի վարչապետը Պրիւքսելի հանդիպումին: Աւելի մանրամասնելով՝ ան յստակացուցած է, որ եռակողմանի հանդիպման ընթացքին կայացած համաձայնութեան հիման վրայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը ձեռնարկեն բանակցութիւններու:

Երեւանի պաշտօնական արձագանգը եղաւ արտաքին գործոց նախարարին միջոցաւ: Ուրեմն, հայկական կողմին տեսակէտը Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերուն վերաբերեալ անփոփոխ է: Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, անոնց մէջ անընդունելի կէտ չկայ: Սակայն այդ կէտերը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան օրակարգի բոլոր խնդիրներուն ամբողջութիւնը չեն կազմեր: ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին հասցէագրուած հայկական կողմին պատասխանը ներառած է համապարփակ խաղաղութեան բոլոր հարցերը:

Այս բացատրութենէն ետք Երեւան մեղադրած է Պաքուն՝ խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութեան մէջ եւ պայմանաւորուածութիւնները կատարելէ խուսափելու, բանակցութիւնները կամայական մեկնաբանելու եւ ընդհանրապէս խաղաղութեան գործընթացը տապալելու ու ցեղային զտում կատարելու քաղաքականութիւնը շարունակելու մէջ:

Յիշենք Ատրպէյճանի 5 կէտերը.

1.- Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անխախտելիութեան եւ քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:

2.- Պետութիւններուն կողմէ իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան փոխադարձ հաստատում եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութիւն:

3.- Ձեռնպահ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրարու նկատմամբ անվտանգութեան սպառնալիքէն, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներու եւ ուժի կիրառումէն, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ մնալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամապատասխան քայլերէ:

4.- Սահմանազատում եւ սահմանագծում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:

5- Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, համապատասխան այլ հաղորդակցութիւններու ստեղծում եւ համագործակցութիւն՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ:

Թէեւ որոշ լրացումներով Երեւան վերապահութիւններ փոխանցած էր ԵԱՀԿ-ին, այդուհանդերձ Պրիւքսելէն բխած յայտարարութիւնը կ՚ազդարարէր խաղաղութեան համաձայնութեան նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելը՝ ընդգծելով սահմանազատում-սահմանագծում գործընթացը:

Երեւանի լրացումները հիմնականին մէջ կ՚արծարծէին այն, որ հայկական կողմին համար հիմնարար են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը: Խաղաղութեան գործընթացին մէջ ներգրաւուելու եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու համար՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրին առընթեր յիշուած էր Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, ինչ որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կէտի ներառումն է: Եւ վերջապէս, համապատասխան բանակցութիւններու կազմակերպման համար հայկական կողմը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն:

Այս վերապահումները չեն հեռացներ վտանգը կամ չեն նուազեցներ Ատրպէյճանի ճշդած խաղի կանոններուն չենթարկուելու հաւանականութիւնը:

Ամբողջ խաղը կ՚ընթանայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ձեւակերպումով, որ ինքնին հակամարտութեան էութիւնը փոխելու կը միտի. Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը վերածել Հայաստան-Ատրպէյճանի՝ այսպիսով Արցախի հարցը անցեալ նկատելով:

Հայկական կողմին բանակցային ռազմավարութիւնը նկատի պիտի ունենայ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը կրնայ սկսիլ միայն Արցախի հակամարտութեան լուծումով: Ասոր համար կան միջազգային սկզբունքներ՝ հիմնուած Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին վրայ: Եւ ասոր համար կայ միջազգային լիազօրութիւն ստացած միջնորդական ձեւաչափ մը: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ անոր կարգավիճակի ճշդումէն ետք է, որ կը մեկնարկեն Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան օրակարգի բանակցութիւնները: Իսկ ինքնորոշումը նաեւ տարածքային ամբողջականութիւն է. նաեւ՝ անկախութիւն:

Առանց Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն անցնիլը՝ կը նշանակէ ներքաշուիլ  Ատրպէյճան-Թուրքիա խաղին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2022