ՄԱՔՐՈՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Ֆրանսահայ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այցելութիւնը նախատեսուած է սեպտեմբերի 10-ի շուրջ, այսինքն այս շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին Հնդկաստանի մէջ նախատեսուած է Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը։ Ամենայն հաւանականութեամբ այս գագաթաժողովին մասնակցելու համար Մաքրոն պիտի ուղեւորուի դէպի Արեւելք։ Հետեւաբար, ենթադրաբար նոյն ուղղութեան վրայ, մեկնելու կամ վերադառնալու ժամանակ ան կանգ պիտի առնէ Հայաստանի մէջ։
Մօտաւոր անցեալին, Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներէն բաղկացեալ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Հայաստան այցելած էր՝ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորութեամբ։ Պատուիրակութիւնը ուղեկցած էր Ֆրանսայէն Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնին, որու մուտքը արգիլուած էր Ատրպէյճանի կողմէ։ Ֆրանսացի պաշտօնատարները այս փուլին կոչ ուղղած էին նախագահ Մաքրոնին, որպէսզի նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ։
Այս բոլորէն շատ կարճ ժամանակ անց, ներկայիս ֆրանսական աղբիւրները կը խօսին նախագահ Մաքրոնի Հայաստան այցելելու հաւանականութեան մասին, ինչ որ արձագանգ ստեղծած է նաեւ ֆրանսահայ մամուլին եւ համայնքային շրջանակներուն մէջ։
Տարածաշրջանէն ներս Հայաստանի մատնուած անել պայմաններուն ներքեւ Ֆրանսա Արեւմուտքէն այն հիմնական դերակատարն է, որ կը ձգտի շօշափելի արդիւնք մը ապահովել։ Փարիզէն հնչած յայտարարութիւնները յաճախ Պաքուի բուռն հակազդեցութեան պատճառ կը դառնան։ Ատրպէյճան, որ սկիզբին Ֆրանսան կը մեղադրէր կողմնակցութեամբ, արդէն ոճը հետզհետէ խստացնելով՝ սկսած է յայտարարութիւններու հեղինակ ֆրանսացի գործիչները կաշառակերութեամբ ամբաստանել։