ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐՔԱՆ

Երեւանէն հասած բօթը խոր սուգի մատնեց հայ մարզական աշխարհը. ոչ եւս է մարմնամարզիկ Ալպերթ Ազարեան, որ մահացաւ 94 տարեկան հասակին։ «Օղակներու արքան» կենդանի առասպել մըն էր, որու կորուստը իսկապէս ցաւալի է բոլորին համար։ Հայաստանի Մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահ Գագիկ Վանոյեան երէկ Ալպերթ Ազարեանի մահը գուժելու ժամանակ շեշտեց, որ ան բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայ մարզիկն էր։

Ալպերթ Ազարեան Ողիմպիական խաղերու մէջ երեք ոսկէ մետայլ ստացած էր, չորս անգամ աշխարհի եւ երկու անգամ Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր։ 20-րդ դարու լաւագոյն հայ մարզիկն էր, որ Ասիական խաղերու մէջ ալ առաջնութիւններու հասած էր։ Մարմնամարզութեան միջազգային դաշնակցութեան հաւաստագրումով՝ օղակներու վրայ իր կատարած վարժութիւններու համալիրը պաշտօնապէս անուանակոչուած էր «Ազարեանական խաչ»։ Հայաստանի Մարմնամարզութեան դաշնակցութեան պատուոյ նախագահն էր։ Աշխարհի 49 երկիրներու մէջ զանազան մրցումներու եւ մրցաշարքերու մասնակցած էր՝ նուաճելով 45 ոսկի, 42 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետայլ։

Ալպերթ Ազատեանի կորուստով հայ մարմնամարզական աշխարհի երկնակամարէն կը սահի վիթխարի աստղ մը, որ իսկապէս նոր սերունդները կը ներշնչէր իր մարմնաւորած կերպարով ու նուաճած բարձունքներով։ Խորհրդանշական էր, որ շուրջ քառորդ դար առաջ կազմակերպուած առաջին Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւն ալ արդարօրէն վիճակած էր Ալպերթ Ազարեանին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023