ԱՐԱՂՉԻԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրութիւնով մը, ըստ որու՝ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը սոսկ նախապատուութիւն չեն, այլ իր երկրի ազգային անվտանգութեան հիմքը կը հանդիսանան։ «Հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն որեւէ սպառնալիք մեր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան կամ սահմաններու վերագծումը բացարձակապէս անընդունելի է եւ կարմիր գիծ է Իրանի համար», շեշտեց Արաղչի։
Այսպէսով, Թեհրանէն հերթական անգամ հնչեց՝ տարածաշրջանէ ներս սահմաններու փոփոխութեան դէմ վերապահութեան ուղղութեամբ ազդարարութիւն մը։ Վերջին շրջանին արդէն բարձրաձայնուիլ սկսած են Թեհրանի եւ Մոսկուայի տարաձայնութիւնները այս ուղղութեամբ։ Արդարեւ, Ռուսաստան Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւելով սկսած է խրախուսել դէպի Նախիջեւան, Հայաստանի Սիւնիքի մարզով միջանցքի մը ձեւաւորումը։