ԶԻՆՄԱՆ ՏԵՒԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Ատրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութիւնը ամբողջ թափով կը շարունակուի ռազմական բնագաւառէ ներս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Flight Radar» կայքը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի ռազմական բեռնատար ինքնաթիռները նոր թռիչքներ կատարեցին դէպի Իսրայէլ։ Ատրպէյճանի օդանաւերը վայրէջք կատարեցին Իսրայէլի «Ովտա» օդակայանը, որ կը պատկանի այդ երկրի զինեալ ուժերուն եւ Իսրայէլի միակ օդակայանն է, որ թոյլտուութիւն ունի պայթուցիկ ռազմամթերքի ներածման ու արտածման համար։ Թէ ի՞նչ նպատակով Ատրպէյճանի «SILK WAY» բեռնատար ինքնաթիռը մեկնած էր, ապա երէկ վերադարձած Պաքու, առ այժմ յստակ չէ։
Այս հաղորդումները ուշադրութիւն գրաւեցին՝ մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ փորձագէտները նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը օրակարգէ դուրս չեն համարեր։ Ըստ որոշ տուեալներու, թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան ներկայիս բարձր մակարդակի զէնքեր ձեռք կը բերեն։ Յամենայնդէպս, երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ խախտուած մնալ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին անդրադարձած էր Ատրպէյճանի զինման հարցին։ Փաշինեան Ատրպէյճանին զէնք ու զինամթերք մատակարած երկիրներու շարքին թուարկած էր նաեւ Իսրայէլը։