ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի մասին՝ մօտաւոր անցեալին ստորագրուած կանոնակարգի վաւերացման գործընթացը թեւակոխած է գործնական փուլ։ Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Այս առթիւ կառավարութիւնը վաւերացուց սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը։ Ըստ փաստաթուղթին՝ Երեւան եւ Պաքու համաձայնած են սահմանազատումը իրականացնել՝ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ, բայց այդ համաձայնութիւնը վերջնական չէ։ Կանոնակարգին մէջ նշուած է, որ գործընթացը ապագային կրնայ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն վերջ, այլ սկզբունքներով ընթանալ։
Հայաստանի կառավարութեան հաւանութեան արժանացած կանոնակարգը կը բաղկանայ եօթ յօդուածէ։ Ըստ էութեան, գործընթացին վերաբերեալ թեքնիք տուեալներ կը բովանդակէ կանոնակարգը, նաեւ ընդհանրական ձեւակերպումներ։
Կանոնակարգը կը ներկայացուի նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի վաւերացման։