ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐՈՎ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտարարեց, որ իր երկիրը երբեք չէ հրաժարած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացէն ներս ազնիւ միջնորդի դերէն։ Այս հանգամանքի վառ հաստատումներէն են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին շփումները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Դաշնակիցներ. ՀԱՊԿ» հասարակական-քաղաքական հրատարկութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Սերկէյ Քոփիրքին նշեց, որ Փութին Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ վերջին շփումներուն ընթացքին շեշտը դրած է Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն վրայ։ Դեսպանը ընդգծեց նաեւ, որ ռուսական կողմի եւ անձամբ նախագահ Փութինի շնորհիւ կարելի եղած էր կասեցնել 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը։ Մշակուած եւ կեանքի կոչուած էր տնտեսական եւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմանի աշխատանքային խումբի դրութիւնը։

«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք բանակցութիւններու յաջողութեամբ, մեր ամենամօտ հարեւաններու, գործընկերներու եւ դաշնակիցներու տարածքէն ներս բարգաւաճմամբ ու խաղաղութեամբ», նշեց Սերկէյ Քոփիրքին եւ աւելցուց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը նկատուին Ռուսաստանի դաշնակիցներ եւ անոնց միջեւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքումը կը համարուի անվտանգութեան եւ կայուն ընկերատնտեսական զարգացման ճարտարապետութեան կառուցման անփոխարինելի նախապայման մը։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Քոփիրքին ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Կը սպասենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ Ռուսաստանի հետ խնդիրներու վերացման ուղղութեամբ աշխատելու վերաբերեալ բարձրաձայնուած մտադրութիւնը գործնականօրէն կեանքի կոչեն»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի իշխանական մեծամասնութեան երեսփոխաններէն Արման Եղոյեան նոյն հարցազրոյցին մէջ Քոփիրքինի հնչեցուցած զանազան պնդումներուն մասին ըսաւ. «Ռուսաստանի դեսպանը խոր մոլորութեան մէջ է»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024