ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓԱՐԻԶԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Փարիզի Ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի հաւաքականը երէկ ընդունուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Երեւանի մէջ, կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Բացի մարզիկներէն, մարզիչներն ու պատկան դաշնակցութիւններու ղեկավարներն ալ ներկայացան վարչապետին։
Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատուով ներկայացուցած ըլլալու համար։ «Ի հարկէ, բոլորս յոյս ունէինք, որ մենք նաեւ Ողիմպիական ոսկի մետայլներ կ՚ունենանք, բայց մարմնամարզը՝ մարմնամարզ է։ Միշտ չէ, որ ցանկութիւնները կ՚իրականանան։ Մենք պէտք է ճի՛շդ վերաբերմունք ձեւաւորենք այս իրադրութեան նկատմամբ, վերլուծենք նախորդ շրջանին մեր կատարած աշխատանքը, հասկնանք՝ ի՛նչ բանը արդիւնաւէտ եւ ինչ բանը նուազ արդիւնաւէտ էր։ Ի՛նչ բանը ճիշդ ըրած ենք, ինչ բանը սխալ։ Եւ այս բոլորէն վերջ պէտք է պատրաստուինք յաջորդ Ողիմպիական խաղերուն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան հայկական Ողիմպիական հաւաքականին հետ հանդիպման ընթացքին։