ՓՈՒԹԻՆ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ «ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔ»Ը
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ եթէ Ուքրայնա դէպի Եւրոպա բնական կազի տարանցման վերաբերեալ համաձայնագիրը չերկարաձգէ, ապա «Թրքական հոսք» խողովակաշարի վրայով փոխադրումը կրնայ աւելցուիլ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Փութին երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վլատիվստոք քաղաքին մէջ կազմակերպուած Արեւելեան տնտեսական ֆորումի բացման լիագումար նիստին։ Ան այս առթիւ նշեց, որ եթէ Ուքրայնա չերկարաձգէ՝ դէպի Եւրոպա ռուսական բնական կազի տարանցման վերաբերեալ համաձայնութիւնը, ապա միւս այլընտրանքները պիտի արժեւորուին։ «Առաքումները այլընտրանքային ուղղութիւններով՝ մանաւանդ «Թրքական հոսք»ի վրայով կ՚ըլլան։ Մասամբ ալ «Կապոյտ հոսք»ի վրայով կրնան ըլլալ, սակայն այս մէկը աւելի ներքին սպառման համար է», ըսաւ Փութին։
Համաժողովի ընթացքին ռուս ղեկավարը շարունակեց. «Եթէ չեն փափաքիր, ապա առնելու պարտաւոր չեն։ Մենք մեր առաքումները աստիճանաբար պիտի բարձրացնենք նաեւ դէպի աշխարհի այլ տարածաշրջանները»։
Փութին յայտնեց նաեւ, որ Իրանն ալ միջոցէ մը ի վեր բնական կազ կը պահանջէ իր երկրէն։ Յամենայնդէպս, հաւաքոյթի ընթացքին Փութինի ակնարկած այլընտրանքներու շարքին կարեւորագոյնը դարձեալ արեւելեան ուղղութեան վրայ էր։ Արդարեւ, յաջորդ տարիէն սկսեալ դէպի Չինաստան «Սիպիրիոյ ուժ» խողովակաշարին միջոցաւ Ռուսաստան պիտի սկսի տարեկան 38 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ ուղարկել։
Ռուս ղեկավարը շեշտեց, որ յաւելեալ այլընտրանքներու վրայ ալ աշխատանքները կը շարունակուին։ «Համաշխարհային տնտեսութիւնը չի կրնար դիմանալ եթէ ռուսական ուժանիւթի պաշարները չըլլան։ Այս բանը անկարելի է, բայց եկէք պահ մը մտածենք, թէ յաջողեցան։ Պարզապէս գիները կը բարձրանան դէպի երկինք եւ դարձեալ մեզմէ կազ գնելու կը պարտաւորուին։ Հետեւաբար, այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւնները շատ տրամաբանական չեն», ըսաւ Փութին։ Հուսկ, ռուս ղեկավարը այդ խօսակցութիւնները որակեց չափազանց ինքնավստահութեան արդիւնք։