USAID-Ի ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՒԵԼՆԱՅ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) որոշեց Հայաստանի համար նախատեսուած աջակցութիւնը բարձրացնել 130 միլիոն տոլարով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսպէսով փոփոխութեան պիտի ենթարկուի ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ՝ 29 յունիս 2022 թուականին ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրը։ Ըստ այս փոփոխութեան՝ Հայաստանի համար նախատեսուած ամերիկեան աջակցութիւնը 130 միլիոն տոլարով պիտի բարձրանայ եւ ընդհանուր ծաւալը պիտի կազմէ 250 միլիոն տոլար։
Յաւելեալ ելմտական յատկացումները պիտի ուղղուին արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման հաստատութենականացման, քաղաքացիական մասնակցութեան՝ յանուն ժողովրդավարական համախմբման ամրապնդման, տնտեսական կառավարման ուժեղացման, թիրախային ոլորտներու մրցունակութեան բարձրացման, բանակի պաշարներու կայուն կառավարման բարելաւման։
Փոփոխութեան նախագիծի ստորագրումը կը նպաստէ՝ յիշեալ համաձայնագրով սահմանուած հիմնական նպատակներու իրականացման՝ արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման, ժողովրդավարական ձեռքբերումները պահպանելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութիւններով։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Հելսինքեան յանձնաժողովն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Հայաստան անկայուն ռազմավարական իրավիճակի մը մէջ է եւ ԱՄՆ հնարաւորութիւն ունի անոր աջակցելու՝ արեւմտամէտ ճանապարհին։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ԱՄՆ կարեւոր հնարաւորութիւն ունի Հայաստանին աջակցելու՝ ժողովրդավարական, արեւմտամէտ ճանապարհներուն վրայ։ Այսպէս, Հայաստան կը գտնուի անկայուն ռազմավարական իրավիճակի մէջ, սակայն ան խորապէս դիմացկուն երկիր մըն է, որ ժողովրդավարութեան օրինակ կը հանդիսանայ տարածարաշրջանէն ներս՝ ուղղուած դէպի եւրոպական ապագայ։