Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԿԱԶԶԷԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այս առաւօտ տեսակցեցան Անգարայի մէջ։ Անոնք բանակցութիւններու ձեռնարկեցին՝ Կազզէի առկայ արիւնալի իրավիճակը ունենալով իրենց կիզակէտին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այս փուլին ծաւալուն արժեւորումի մը կ՚ենթարկեն տարածաշրջանի հրատապ իրադարձութիւնները։
Անգարա հասնելէ առաջ Էնթընի Պլինքըն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ տարածաշրջանի շահագրգիռ բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ եւ ի շարունակութիւն կ՚այցելէ նաեւ Անգարա։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023