ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Չաղլայանի Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատի համալիրէն ներս երէկ ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ։ Ժամը 11.46-ին պատահած դէպքը լայն արձագանգ ստեղծեց հանրային կարծիքին մօտ եւ պատճառ դարձաւ խոր մտահոգութեան։

ՏՀՔՓ-Ճ-ական երկու ահաբեկիչի կողմէ կատարուեցաւ այս յարձակումը։ Անոնք պատճառ դարձան քաղաքացիի մը մահուան եւ 5 հոգիի վիրաւորման։ Վիրաւորեալներէն երեքը ոստիկան է։

Անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս անդրադարձան վտանգին եւ իրենց միջամտութիւնով կանխեցին մեծ ու արիւնալի դէպք մը։ Ոստիկաններուն վրայ կրակած Էմրահ Եայլա խոյս տալու ժամանակ չէզոքացուեցաւ։ Նոյն պահուն Փընար Պիրքոչ սկսաւ կրակել եւ քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին ան եւս չէզոքացուեցաւ։ Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս երկու ահաբեկիչները նախապէս բանտարկութեան դատապարտուած էին։

Թէեւ դէպքի վայրին մէջ մեծ խուճապ արձանագրուեցաւ, սակայն վիրաւորուած ոստիկան մը յաջողեցաւ բախումի մէջ մտնելով կանխել արիւնալի աւելի մեծ իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024