ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ արտահերթ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը։ Սա Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առաջին ընտրութիւնն է երկրին մէջ։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ թեկնածու է՝ հինգերորդ անգամ վերընտրուելու համար։ Իրմէ զատ վեց թեկնածու եւս ներգրաւուած է ընտրապայքարին։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան մնայ պաշտօնի գլուխը։

Նախընտրական ժամանակաշրջանին Ալիեւ յաճախ պատգամներ տուաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Վերջին օրերուն ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գործնականօրէն խաղաղութիւն հաստատուած է։ Սահմաններուն վրայ քանի մը ամիսէ ի վեր կը տիրէ խաղաղ իրավիճակ։ «Գործընթացը տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Իլհամ Ալիեւ շեշտեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պարագային կարելի է հասնիլ խաղաղութեան։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը ուղղակի կոչեր կը պարունակէ Արցախի մասին, զայն Հայաստանին միացնելու տեսակէտէ, ինչ որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խախտում ը նկատուի։ Ալիեւի խօսքով՝ Հայաստանի այլ իրաւական փաստաթուղթերը նոյնպէս տարածքային պահանջներ կը բովանդակեն Ատրպէյճանէն։ Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ այս նիւթին շուրջ ներքին քննարկումներու սկիզբ առած ըլլալը կը համարէ դրական քայլ։ «Սա կրնայ լաւ հնարաւորութիւն ստեղծել խաղաղութեան գործընթացի արագ աւարտին համար», ըսաւ ան։

Կը հաղորդուի, որ Իլհամ Ալիեւ եւ իր ընտանիքի անդամները այս առաւօտ քուէարկեցին Ստեփանակերտի ընտրատեղամասին մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024