ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաքի կողմէ։ Երեւանի եւ Պուտափեշտի միջեւ ապրուած ցնցումներէն եւ խաթարուած կապերէն վերջ, սա բարձրագոյն մակարդակի առաջին այցելութիւնն է յարաբերութիւններու վերականգնման յաջորդած ժամանակաշրջանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Խաչատուրեան այցելութիւնը պատմական գնահատեց իր պաշտօնակցին հետ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Նախագահներու ներկայութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ուղղեալ յուշագրեր։

Իր կարգին, Քաթալին Նովաք նշեց, որ Հունգարիա կը պատրաստուի խտացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Ան նշեց, որ իր երկիրը մտադիր է Երեւանի մէջ հիւպատոսարան մը բանալ։

Ի լրումն այս բոլորին, Քաթալին Նովաք ըսաւ. «Հունգարիա կ՚աջակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ամրապնդման»։

Միւս կողմէ, Նովաք պաշտօնական ընթրիքով մըն ալ մեծարեց Խաչատուրեանը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024