ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՎԵՐԱՆՈՒԱՆՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Եգիպտոս պաշտօնական այցելութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ յառաջիկային կը նախատեսուի Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին կազմակերպումը։ Երեւան-Գահիրէ առանցքին վրայ այս այցելութիւնը առիթ դարձած է նոր հեռանկարներու ուրուագծման։ Վարչապետի այցելութեան մթնոլորտին մէջ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Գահիրէի մէջ հրապարակ մը պիտի վերանուանուի Հայաստանի անունով։
Նիկոլ Փաշինեան Գահիրէի շփումներու եզրափակիչ փուլին եւս ունեցաւ կարեւոր հանդիպումներ։ Ան այցելեց Եգիպտոսի քաղաքակրթական ազգային թանգարանը, ինչպէս նաեւ հիւրընկալուեցաւ Ալ-Ազհարի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմէտ Մուհամմէտ էլ-Թայյիպի կողմէ։ Այս վերջնոյն վարչապետը նուիրեց Երեւանի Մատենադարանին մէջ ի պահ դրուած հնագոյն Գուրաններէն մէկուն կրկնօրինակը։
Օրուան տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմը։ Առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ան կատարեց մոմավառութիւն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ վարչապետին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Փաշինեան առաջնորդարանին մէջ եգիպտահայութեան ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ Գահիրէի իր շփումներու արդիւնքներուն շուրջ։ Օրուան տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան Եգիպտոսի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու դաշնակցութեան մէջ ալ մէկտեղուեցաւ երկրի գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներուն հետ։ «Մեր նպատակն է Հայաստանը դարձնել բարձր թեքնոլոժիներով տնտեսութեան տէր երկիր մը», ըսաւ հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան։