ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍՏ. «ԻՆԾԻ ԸՍԻՆ՝ ՀԱԼԱԼ Է ՔԵԶԻ»

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ երէկ դատուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան անունով յանցագործութիւն կատարած ըլլալու բերումով։ Իսթանպուլի 14-րդ ծանր պատժական ատեանը կը դատէ Օկիւն Սամաստը, որ Թրապզոնի Արդարադատութեան պալատէն առցանց մասնակցեցաւ երէկուան դատավարութեան։

Տեղական մամուլին մէջ լայն արձագանգ գտած են Օկիւն Սամաստի կողմէ երէկ տրուած ցուցմունքները, ըստ որոնց, անվտանգութեան բաժանմունքէն ներս իրեն նկատմամբ խրախուսական արտայայտութիւններ կատարուած են։

«Եասինը (Հայալ) յայտնեց, որ անվտանգութեան մօտ մեր թիկունքը լաւ է ու որեւէ խնդիր չկայ», ըսաւ Օկիւն Սամաստ եւ աւելցուց, որ իր կողմէ այս արարքի կատարման հիմնական պատճառներէն մին է Եասին Հայալի սպառնալիքը։

Դատավարութեան ընթացքին Օկիւն Սամաստին հարց տրուած է, թէ ինչո՞ւ ՖԵԹԷՕ-ի վերաբերեալ ցուցմունքները աւելի ուշ տուած է։ Ի պատասխան ան ըսած է հետեւեալը.

«ՖԵԹԷՕ-ի ամենայայտնի դարձած շրջաններն էին ու ես կը վախնայի։ Դէպքէն անմիջապէս վերջ, երբ հսկողութեան տակ առնուեցայ, անվտանգութեան բաժանմունքին մէջ ինծի ըսին, որ կրնամ հանգիստ ըլլալ, այնտեղ ինծի ոչ ոք բան մը կրնար ընել։ «Հալալ է քեզի» նման արտայայտութիւններ եղան»։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024