ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ԿՈՂՄԷ ԲԱՆԱՁԵՒ

Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով իւ­րա­ցուց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­գի­ծը խորհր­դա­րան ներ­կա­յա­ցուած էր երկ­րի ընդ­դի­մա­դիր Քրիս­տո­նեայ  սո­ցիալ-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րէն Լո­րէն Մո­զա­րի կող­մէ։ Այս բա­նա­ձե­ւը Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ միա­ձայ­նու­թեամբ։ Այս բա­նա­ձե­ւին մէջ 1915 թուա­կա­նին հա­յոց դէմ կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ո­րա­կուած են որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

100-րդ տա­րե­լի­ցի մթնո­լոր­տին մէջ Լիւս­քեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նը յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած է մէ­կու­կէս մի­լիոն զո­հե­րու յի­շա­տա­կին եւ շեշ­տած է, որ սոյն բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նուած է հա­շուի առ­նե­լով պատ­մա­կան փաս­տերն ու ար­դա­րու­թիւ­նը։ Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նը զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նած է բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րուն եւ միա­ցած Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ո­րոշ­ման՝ դա­տա­պար­տե­լով բո­լոր ազ­գե­րու դէմ ի­րա­կա­նա­ցուած ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Լիւ­քեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կոչ ուղ­ղած են Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ա­ռե­րե­սուին ան­ցեա­լին եւ կար­գա­ւո­րեն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ։ Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ար­ձա­գան­գեց Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ առ­նուած այս ո­րոշ­ման։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայտ­նեց, թէ ող­ջու­նե­լի է այս բա­նա­ձե­ւին ըն­դու­նու­մը։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, այս բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման Լիւք­սեմ­պուրկ բե­րաւ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը մարդ­կու­թեան դէմ նոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման վեհ գոր­ծին։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2015