ԽՈՐ ԹԱԽԻԾ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՇՈՂ
Դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքային այցելութեան շր-ջագծով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտէն ներս։ Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ ԱՄՆ-ի ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ ՄաքՔոնելի եւ Դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Հարի Ռիտի հետ։ Այս տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ծերակոյտի շարք մը այլ անդամներ՝ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններէն։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան հայ-ամերիկեան միջխորհրդարանական համագործակցութեան եւ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու խորացման վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի ուրոյն դերակատարութեան։
Սերժ Սարգսեանի խօսքով, ծերակուտականներ Միթչ ՄաքՔոնելի եւ Հարի Ռիտի աշխոյժ ջանքերն ալ կարեւոր նպաստ բերած են, որպէսզի այդ յարաբերութիւնները այսօր գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց զրուցակիցներուն՝ տարիներ շարունակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար կենսական նշանակութեամբ հարցերու մէջ առանձնայատուկ վերաբերմունք եւ համագործակցութիւն ցուցաբերած ըլլալու համար։
Հանդիպման մասնակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ընդգրկած են համագործակցութեան լայն շրջանակ։ Երեւան եւ Ուաշինկթըն ամուր գործընկերային յարաբերութիւններ ունին թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի հարթակներու վրայ։ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստանի տնտեսական զարգացման, զանազան ոլորտներէ ներս բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը՝ միտուած Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման։ Ան միեւնոյն ժամանակ բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ։ Այս շրջագծին մէջ Սերժ Սարգսեան մասնաւորապէս շեշտեց ԱՄՆ-ի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 2015 թուականի մթնոլորտին եւ 100-րդ տարելիցին, Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ներս իրականացուող ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ նոյն ծիրէն ներս Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարէն ներս կը մասնակցի միջկրօնական աղօթքի։
Սերժ Սարգսեան եւ ամերիկացի ծերակուտականները կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ։ Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հայաստանի շրջափակման պայմաններուն ներքեւ երկրին անհրաժեշտ փոխադրութեան եւ ուժանիւթի այլընտրանքային հնարաւորութիւններու ստեղծման վերաբերեալ հարցեր։
ՈՒՈՐԼԻՔԻ ՀԵՏ
Ուաշինկթընի մէջ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
ՀՈԼՈՔՈՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Իր աշխատանքային շփումներուն շրջագծով Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ Ուաշինկթընի Հոլոքոստի յուշահամալիր-թանգարանը։ Շրջայցի ընթացքին թանգարանի տնօրէնը Սերժ Սարգսեանին ծանօթացուց ներկայացուած ցուցադրութիւնը։ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց նաեւ թանգարանի պատուոյ տոմարը, ուր նշեց, որ խորապէս ազդուած է տեսածներէն։ Ըստ իրեն, սա վայր մըն է, որ իր պատերուն ներքեւ կ՚ամփոփէ խոր թախիծ եւ միեւնոյն ժամանակ յոյսի մեծ շող՝ շեշտադրելով անցեալին առերեսուելու առաւելութիւնը ընդդէմ անցեալի ժխտման եւ քօղարկման։ Ըստ իրեն, սա անքակտելի ներդրում մըն է՝ որպէս ապահով ապագայի լուռ, բայց խօսուն երաշխաւոր։ Մարդկութեան դէմ իրագործուած ոճիրներուն նուիրուած թանգարանները ո՛չ միայն զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցելու համար են, ո՛չ միայն վերապրածներու յիշողութիւններու խտացման ամփոփումներն են, այլ նաեւ յստակ պատգամ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները՝ անոնցմէ դասեր քաղելու եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու համար։
ԳՈՆԿՐԷՍԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ այցելեց նաեւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարանը, որ վերջին շրջանին հարստացուած է զգալիօրէն՝ տեսագրութիւններու, ձայնագրութիւններու, թուային նիւթերու ալ հաւաքագրումով։ Ան շրջայց մը կատարեց գրադարանէն ներս, ծանօթացաւ ցուցանմոյշներուն ու մանաւանդ այնտեղ ի պահ դրուած հայոց եւ Հայաստանի վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթերուն՝ պատմաբաններու յիշատակումներուն, Հայաստանի յիշատակուած հին քարտէսներուն, ամերիկացի դիւանագէտ Հենրի Մորկընթաույի եւ այլոց վկայութիւններուն։
Սերժ Սարգսեան նաեւ կար-ճատեւ զրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարանի տնօրէն Ճէյմս Պիլինկտընի հետ։
Նոյն գրադարանի յարկէն ներս Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից» նիւթով պատրաստուած դրոշմաթուղթերու կնքման հանդիսաւոր արարողութեան։ Հայաստանի թղթատարութեան ազգային ընկերութեան՝ «Հայփոսթ»ի կողմէ թողարկուած այս նամականիշները ներակայացուեցան իրենց գեղաթերթիկներով հանդերձ։
Ուաշինկթընի շփումներուն ժամանակ, դէպի Հոլոքոստի թանգարան եւ Գոնկրէսի գրադարան կատարած այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանին միացաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ եւս հայրապետական այցելութեամբ այս օրերուն կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ։ Սերժ Սարգսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի ընկերակիցներու շարքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ այլ պաշտօնատարներ։