ԿՈՒՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութեան գծով բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով նշեց, որ Փաշինեան եւ Փութին պիտի տեսակցին՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) նիստէն վերջ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Փաշինեան եւ Փութին շուրջ տարիէ մը ի վեր ուղղակի չեն շփուած։ Այսօր Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Փութինի երդման արարողութիւնը, որուն չի մասնակցիր Փաշինեան։ ԵԱՏՄ-ի վաղուան ժողովէն վերջ պիտի մէկտեղուին երկու ղեկավարները։
Եուրի Ուշաքով վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ ըսաւ. «Այդ երկկողմանի շփումը շատ բազմաբովանդակ կ՚ըլլայ, շատ հարցեր կան քննարկելու։ Վերջին շրջանին Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կուտակուած են խնդիրներ, որոնք կը յուսանք՝ թափանցիկ կերպով կը քննարկեն առաջնորդները։ Ինքն իսկ Փաշինեան ապրիլին ըսած էր, որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները լաւագոյն ժամանակները չեն ապրիր։ Վերջին շրջանին նկատելիօրէն նուազած են մեր երկիրներու միջեւ շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։ Քննադատութեան կ՚ենթարկուին ինչպէս Ռուսաստանը, այնպէս ալ ՀԱՊԿ-ն»։
Մինչ Նիկոլ Փաշինեան վաղը ԵԱՏՄ-ի 10-րդ գագաթաժողովին պիտի նախագահէ եւ անոր զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը՝ Եուրի Ուշաքով երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց. «Հայաստանի տնտեսական աճի բարձր թափը կապուած է Ռուսաստանի հետ առեւտրատնտեսական կապերուն եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէ ներս համարկման գործընթացներուն հետ։ Հայաստան ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս տնտեսական համարկման հիմնական շահառուներէն մին է։ Մեծ եկամուտներ կը բերեն նաեւ Ռուսաստանի հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները։ Մեծաւ մասամբ այս բանին շնորհիւ Հայաստան անընդմէջ երկու տարիէ ի վեր կը յայտնուի համաշխարհային յառաջատարներու շարքին տնտեսական աճի թափերով»։
Փաշինեան-Փութին ժամադրութեան ընդառաջ Ուշաքով առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ խնդիրներուն։ «Երեւան գործնականապէս սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը կազմակերպութեան, թէեւ իրաւականօրէն դուրս չէ եկած այդ մէկէն։ Միեւնոյն ժամանակ չի մասնակցիր կառոյցի համատեղ զօրավարժութիւններուն եւ կը պատրաստուի զերծ մնալ անոր գանձատրումէն։ Զուգահեռաբար Հայաստան կը զարգացնէ երկխօսութիւնը Արեւմուտքի հետ։ Այդ ամբողջին մէջ կը դիտարկուին Եւրոմիութեան միանալու զանազան տարբերակներ, կ՚աշխուժանան ՆԱԹՕ-ի գծով կապերը», մատնանշեց Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարը եւ ընդգծեց, որ կուտակուած հարցերուն շուրջ շատ առարկայական քննարկում կը պահանջուի առաջնորդներուն կողմէ։
ԵՄ-Ի ՀԵՏ
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ աւարտեց պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Պուտափեշտ, ուր բանակցութիւններ վարեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոյի հետ։ Միրզոյեան այս առթիւ յայտնեց, որ Հայաստան կը դիտարկէ ԵՄ-ի անդամ երկիրներուն վերականգնուող ուժանիւթ մատակարարելու հարցը։
ՍՏԵՂԾԵԼ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ…
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հերթական անգամ շեշտեց խաղաղութեան օրակարգին նշանակութիւնը։ Վարչապետին խօսքով՝ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՚ունենայ՝ Հայաստանի տեսակէտէ ազգային անվտանգութեան երաշխիքներ ստեղծելու գործընթաց մըն է։ Իր բնորոշումով՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղադրուած սիւներն ալ Հայաստանի անվտանգութեան ուղղեալ երաշխիքներու ստեղծման սիւներ կը համարուին։ Փաշինեան նշեց, որ այժմու նպատակն է պատերազմի ծագման հաւանականութիւնը բացառել։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իր երկիրը հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ ջանքերուն։ Ան զգուշաւոր լաւատեսութիւնը արտայայտեց՝ շաբաթավերջին Ալմաթիի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ակնկալուած բանակցութիւններուն համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարներու հանդիպման ընդառաջ արդէն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղադրուած է շուրջ 40 սիւն։