ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի դէպի Եւրոպա ուղեւորութիւնը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Իր շրջագայութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Ֆրանսան, ուրկէ ան կ՚ուղեւորուի նաեւ դէպի Սերպիա եւ Հունգարիա։
Փարիզի մէջ, երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պետական ամենաբարձր արարողակարգով հիւրընկալեց իր չինացի պաշտօնակիցը։ Բանակցութիւններու առաջին փուլին մասնակցեցաւ նաեւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն։
Եռակողմանի հանդիպման առթիւ Էմմանիւէլ Մաքրոն շեշտեց, որ Չինաստանի հետ մեծ տագնապներու պարագային քայլերու համակարգումը շատ կարեւոր ու վճռորոշ է՝ ներառեալ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։ Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն ընդգծած է, որ Եւրոպայի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտուրի գծով բոլորին տեսակէտէ արդար կանոններ պէտք է հաստատուին։ Շի Ծինփինկն ալ շեշտեց, որ Եւրոմիութիւնն ու Չինաստանը պէտք է շարունակաբար նպաստեն համաշխարհային խաղաղութեան։ «Միջազգային իրավիճակը առաւել քան երբեք կը պահանջէ Եւրոպա-Չինաստան երկխօսութիւնը», ըսաւ Մաքրոն՝ ի շարունակութիւն իր պաշտօնակցի յայտարարութիւններուն։
Ըստ վերլուծաբաններուն, Ծինփինկի Ֆրանսա այցելութիւնը ազդանշան մըն է, թէ Փեքինի ղեկավարութիւնը Մաքրոնը կը նկատէ Եւրոպայի միակ մեծ առաջնորդը։