Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ տարեկան շրջանաւարտից արարողութիւնը։ Հաստատութեան արդէն 62-րդ ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները։ Համավարակի շրջանի ստիպողական պայմաններէն վերջ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէս, որու ընթացքին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհաւորեց շրջանաւատները, որոնց մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Արաբական պետութիւններու կրթութեան շրջանային մասնաճիւղի ղեկավար Քոստանցա Ֆարինա։ Ան Հայկազեանի շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Այստեղէն հրաժեշտ պիտի առնէք ԻՒՆԷՍՔՕ-ի դեսպաններուն նման»։
Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2022