ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՆԵՐ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նոր կառավարութիւնը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորած ժողովը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ։ Անդրանիկ նիստէն առաջ նախարարաց խորհուրդի անդամները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Աթաթիւրքի յուշադամբանը։
Ժողովէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին անդրադարձաւ թէ՛ գործնական որոշումներու եւ թէ յառաջիկայ շրջանին համար որդեգրուած սկզբունքային առաջնահերթութիւններուն։ Նախագահը այս փուլին կրկնեց երկրէն ներս միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով, որ կառավարութիւնը պիտի ընթանայ հասարակաց յայտարարներու որոնումով։ Իր խօսքով՝ ինչպէս եղած է ցայսօր, աշխատանքը պիտի շարունակուի ամբողջ Թուրքիոյ համար համընդգրկուն մօտեցումով, առանց խտրականութեան եւ արդարութենէ շեղելու։ «Իւրաքանչիւր նոր սկիզբ կը նշանակէ նոր յոյս մը եւ նոր ոստում մը», յայտնեց նախագահ Էրտողան։