ՔԼԱԱՐԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը համընկնեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանին, երբ Արեւմուտքը միջնորդական ջանքերը կը խտացնէ եւ լուրջ յանձնառութեամբ հանդէս կու գայ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար։ Թոյվօ Քլաարի այցը յաջորդեց Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի գագաթաժողովին, որուն մասնակցեցան Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։ Միեւնոյն ժամանակ, Թոյվօ Քլաարի այցելութիւնը նախորդեց յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին, Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ նախատեսուած՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի ժամադրութեան։

Երեւանի շփումներու լոյսին տակ Թոյվօ Քլաար ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը, որու մէջ գոհունակութիւն յայտնեց իր հանդիպումներուն կապակցութեամբ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Քլաար անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Անոնք քննարկեցին վերջին շրջանին Պրիւքսելի եւ Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի եւ հնգակողմանի բանակցութիւններու ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Փաշինեան կանգ առաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի ձեւով փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին վրայ։ Ան կարեւորեց միջազգայնօրէն երաշխաւորուած դրութիւնով մը երկխօսութեան յառաջ տարուիլը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ խաղաղութեան առկայ հարցերու հասցէագրման նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները՝ օրակարգի առկայ առանցքային խնդիրներու կարգաւորման շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2023