ԱԼԻԵՒԷՆ ԱՆԴԱԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը անկարելի է, եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը մնայ անփոփոխ։ Ան պնդեց, որ իր երկիրը երբեւէ որեւէ տարածքային պահանջք չէ ունեցած՝ ներառեալ Հայաստանը։ Ալիեւ շեշտեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ կան Ատրպէյճանէն։ Ատրպէյճանի կողմէ այս խնդրին օրակարգի վրայ բերուիլը չի նշանակեր Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտել։ «Բայց սա կը վերաբերի մեզի», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Ալիեւ յայտնեց, որ Պաքու Երեւանին առաջարկած է միասին դիմել ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խումբը լուծարելու համար։ «Մենք թոյլ չենք տար, որ այդ մէկը գործնականօրէն աշխատի։ Եթէ Հայաստան որոշէ պահպանել Մինսքի խումբը, ապա սա կը նշանակէ, որ իր տարածքային պահանջները կը շարունակուին Ատրպէյճանէն», աւելցուց ան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ արձագանգելով Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնք որակուեցան ներքին գործերուն միջամտութիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024