ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐ
Հայաստանի հիւսիսին պատահած հեղեղներու հետեւանքները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Կը հաղորդուի, որ կառավարութիւնը միջազգային ակնկալութիւն կ՚ապահովէ ջրհեղեղի հետեւանքներու յաղթահարման ճանապարհին։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի գործընկերները լայնածաւալ աշխատանք կը տանին վերականգնելու համար՝ երկաթուղիի ցանցի վնասուած հատուածները։ Վարչապետը աւելցուց, որ իշխանութիւնները միջազգային գործընկերներուն հետ կ՚աշխատին՝ մասնաւորապէս կամուրջներու վերականգնման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտնեց, որ աղէտի գօտիէն ներս վնասներու արձանագրման եւ ցուցակագրման աշխատանքները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ նախարարը ըսաւ. «Աղէտի գօտիէն ներս ենթակառուցուածքներու խոշոր վնասներ այլեւս չունինք, մեծամասնութիւնը վերականգնուած է»։