ԱՐԹՈՒՐ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ ՆՈՒԱՃԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ
Համահամալսարանական 28-րդ ամառնային խաղերը այս օրերուն տեղի կ՚ունենան Հարաւային Քորէայի Կվանկժու քաղաքին մէջ։ Այս առաւօտեան դրութեամբ, Հայաստան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։ Մարմնամարզութեան եզրափակիչ փուլին, օղակներու մրցաշարքին շրջագծով առաջնութեան հասաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Թովմասեան։ Ան գերազանց յաջողութիւն մը արձանագրեց ապահովելով 15 հազար 500 միաւոր ու նուաճեց համալսարանականներու ախոյեանի կոչումը։ Մրցակցութեան ընթացքին Թովմասեան յաջողեցաւ իր ետին թողուլ Եւրոպայի ախոյեաններ՝ Իկոր Ռատիպիլովը եւ Ալէք Վերնիայը։ Արթուր Թովմասեանի մարզիչն է Կարէն Պաղտասարեան։
Հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին սկսած այս կարեւոր մրցաշարքին շրջագծով սա Հայաստանի նուաճած առաջին մետայլն է։ 170 երկրէ աւելի քան 20 հազար մարզիկ կը մասնակցի այս մրցաշարքին՝ 21 մարզաձեւերու մէջ մետայլներ նուաճելու ջանքով։