ԽՈՒՄԲ ԱՌ ԽՈՒՄԲ ԱՅՑԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կերպուած «Ա­րի տուն» ծրագ­րի եր­րորդ փու­լը ե­րէկ սկսաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ աշ­խար­հի տաս­նեօթ եր­կիր­նե­րէն ե­րի­տա­սարդ­ներ ո­րո­շած են այ­ցե­լել Հա­յաս­տան, տես­նել ու ճանչ­նալ զայն եւ ընդ­միշտ կա­պուիլ ա­նոր հետ։ «Ձեր իւ­րա­քան­չիւր օ­րը այս­տեղ պէտք է ըլ­լայ հայ­րե­նի­քի բա­ցա­յայտ­ման օր։ Ձեր իւ­րա­քան­չիւր օ­րուան դուք պի­տի սկսիք հա­յե­րէն լե­զուի ու­սուց­մամբ։ Պէտք է սոր­վիք, պահ­պա­նէք ու տա­րա­ծէք մեր Մես­րո­պեան ոս­կեղ­նիկ լե­զուն։ Վստահ եմ, որ ճամ­բա­րա­յին օ­րե­րու ըն­թաց­քին պի­տի ու­նե­նաք նոր ըն­կեր­ներ, պի­տի ծա­նօ­թա­նաք հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, մշա­կոյ­թին եւ ա­ռա­ւել խոր պի­տի ճանչ­նաք ձեր հայ­րե­նի­քը։ Հա­ւա­տա­ցած եմ, որ հայ­րե­նի­քէն պէտք է մեկ­նիք ձեր սիրտն ու հո­գին Հա­յաս­տա­նի մէջ թող­լով։ Շատ կ՚ու­զեմ, որ վե­րա­դառ­նաք եւ ա­ւե­լի ու­ժե­ղաց­նէք մեր հայ­րե­նի­քը», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ իր մաս­նա­ւոր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը ար­տա­յա­յտեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լող ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ա­մե­նա-կըրտ­սեր մաս­նակ­ցին՝ 16-ա­մեայ Մա­րիամ Սա­քա­նեա­նին (Չի­նաս­տան) հագ­ցուց «Ա­րի տուն» ծը-րագ­րի տար­բե­րան­շա­նով շա­պիկն ու գլխար­կը եւ ա­նոր յանձ­նեց պա­յու­սա­կը։

«Ա­րի տուն» ծրագ­րի այս եր­րորդ փու­լին 151 ե­րի­տա­սարդ կը մաս­նակ­ցի՝ աշ­խար­հի տաս­նեօթ եր­կիր­նե­րէն։ Բազ­ման­դամ այս խում­բը քա­ռօ­րեայ ճամ­բա­րա­յին ծրա­գիր մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ։ Երիտասարդներու խումբ առ խումբ այցերը պիտի շարունակուին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015