Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՈՒՐՖԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ՝ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ուրֆա, ուր կը հետաքրքրուի Քոպանիէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանած խումբ մը հայերու կացութեամբ։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Սուրուչի մէջ ապաստանեալներու համար ստեղծուած վրան-աւանը կ՚այցելէ Նորին Սրբազնութիւնը։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ մօտ ապաստան գտած հոծ թիւով ապաստանեալներ կը գտնուին այստեղ։ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վերջին յարձակումներուն բերումով այստեղ ապաստանած է նաեւ երեք հայ ընտանիք։ Անոնցմէ մէկուն պարագային ամուսինը արդէն մահացած ըլլալով՝ մայրն ու չորս զաւակները հազիւ կրցած են ապաստանիլ Ուրֆա։ Այսօրուան այցելութեան ընթացքին Ընդհանուր Փոխանորդը կը տեսակցի սոյն ընտանիքներուն հետ, կը հետաքրքրուի անոնց կարիքներով եւ լուծման հեռանկարներով։
Յետմիջօրէին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մէկտեղուի նաեւ Ուրֆայի կուսակալ Իզզետտին Քիւչիւքի հետ։ Կը նախատեսուի, որ Ընդհանուր Փոխանորդն ու Տէրհայրը երեկոյեան ժամերուն արդէն վերադարձած ըլլան քաղաքս։