ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊՈՒԷՆՕ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Մատրիտ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալվարէս Պուէնոյի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկու երկիրներու համագործակցութեան բազմաթիւ հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան շրջանակներէն ներս։
Միրզոյեան եւ Պուէնօ քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցեր, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրով հանդերձ։ Անոնք շօշափեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները, տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացները։ Նախարարները շօշափեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Արարատ Միրզոյեան Մատրիտի մէջ ալ ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերի նշանակութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու եւ տեւական լուծում մը գտնելու առումով։