«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ՄԷՋ ՊԷՏՔ ՉԷ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՆՔՆԱՏԻՐԱՊԵՏՈՒՄԸ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Արցախի ամբողջական շրջափակումով պայմանաւորուած մարդասիրական տագնապի եւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումներու յարաբերաբար դանդաղած իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս շփումը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերու շուրջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան Քաթրին Քոլոննային ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Անոնք անդրադարձան առանցքային հարցերուն՝ մասնաւորապէս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերուն միջազգային դրութեան մը ներքեւ հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերու։ Միրզոյեան համոզուած է, թէ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման միջոցաւ խնդիրներ լուծելը անթոյլատրելի է։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճան զերծ մնայ ակրեսիւ գործողութիւններէ եւ սադրիչ հռետորաբանութենէ։ Նախարարները ընդգծեցին նաեւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապի յաղթահարման եւ Ատրպէյճանի կողմէ էթնիք զտումներու ուղղեալ ապագայ գործողութիւնները կանխելու նպատակով միջազգային ջանքերու հրատապութիւնը։

Փարիզէն այլ մանրամասնութիւններ ալ հաղորդուեցան հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան մասին։ Այսպէս, Քոլոննա ընդգծեց, որ հայերը պէտք է հնարաւորութիւն ունենան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրելու՝ իրենց իրաւունքներուն եւ մշակոյթին նկատմամբ յարգանքով։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան արդար ու տեւական խաղաղութիւնը հնարաւոր կրնայ ըլլալ միայն այնպիսի համաձայնութիւնով մը, որ կ՚երաշխաւորէ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքն ու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան այնտեղ ապրելու հնարաւորութիւնը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Մինչ այդ, դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ աւելի լայն արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները։ Արմէն Գրիգորեան Ճէյք Սալըվընին ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները շարք մը կարեւոր ուղղութիւններով։ Շօշափուեցան նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր՝ մասնաւորապէս շեշտուեցաւ ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացումը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումները յառաջ կը տարուին բաւական ծանր եւ անյոյս մթնոլորտի մէջ։ Հիմնական պատճառը այն է, որ Ատրպէյճան ամբողջական շրջափակման մէջ կը պահէ Լեռնային Ղարաբաղը՝ Լաչինի միջանցքը ամիսներէ ի վեր արգելափակած ըլլալով։ Այս հանգամանքին վրայ կու գան աւելնալ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շարունակական յարձակումները։ Երեւան այս ծանր իրավիճակին մէջ շփումները յառաջ կը տանի միջազգային գործընկերներուն հետ։ Ստեփանակերտն ալ գրեթէ ամէն օր կը բարձրաձայնէ իր մատնուած ահազանգային իրավիճակին մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ անընդունելի կը համարէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ անարձագանգ թողուիլը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ վերահաստատեց, որ մարդասիրական իրավիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ «Ատրպէյճանին կոչ կ՚ողղենք՝ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը», ըսաւ ան։ Բանբերը յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու գործողութիւնները կը համապատասխանեն իրավիճակին։ Մոսկուայէն հաղորդուեցաւ, որ յառաջիկային նախատեսուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Իկոր Խովաեւի դէպի տարածաշրջան այցելութիւնը։

Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն՝ յառաջիկային Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այս գագաթաժողովին ընդառաջ Փաշինեան երէկ պատասխանեց նախօրէին Իլհամ Ալիեւի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Ան հերթական անգամ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի բանակ գոյութիւն չունի եւ անհիմն են Ատրպէյճանի համապատասխան մեղադրանքները։ Ան յիշեցուց, որ յառաջիկային Պրիւքսելի մէջ կը սպասուի Ալիեւի հետ հանդիպման։ Վարչապետին խօսքով՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի թեքստը տակաւին պատրաստ չէ ստորագրման։ «Հայաստան Ատրպէյճանին տրամադրեց ականադաշտերու քարտէսները, սակայն ի պատասխան Ատրպէյճան որեւէ համարժէք քայլ չառաւ եւ չվերադարձուց ռազմագերիները», ըսաւ Փաշինեան։ Վարչապետը մատնանշեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ յառաջ տանիլ էթնիք զտման քաղաքականութիւնը։ Այսպէսով կը թիրախաւորուին այն միջազգային կազմակերպութիւններն ու երկիրները, որոնք առարկայական գնահատական կու տան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին եւ Պաքուի գործողութիւններուն։ Ուստի, ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճան ամիսներէ ի վեր լայնածաւալ հակաքարոզչութիւն կ՚իրականացնէ Ֆրանսայի դէմ, որ թէ՛ պաշտօնական եւ թէ հանրային հարթութեան վրայ հասցէական գնահատականներ եւ ահազանգ կը հնչեցնէ։ «Ֆրանսայի դէմ ուղղուած քարոզչութիւնը այլ երկիրներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած մարդասիրական տագնապի հասցէական հաւանական գնահատականներու կանխուիլն է», ըսաւ Փաշինեան։ Կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին Փաշինեան մատնանշեց, որ հայկական կողմը առկայ իրավիճակին արձագանգելու համար պէտք է շարունակէ դիւանագիտական աշխատանքը։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, վարչապետին խօսքով, որեւէ պարագայի մէջ հայկական կողմը պէտք չէ կորսնցնէ ինքնատիրապետումը։ Ուստի, խաղաղութեան օրակարգը այլընտրանք չունի։

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2023