ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ՎԵՐԱՊԱՀ՝ ՇՈՒԷՏԻ ՆԱԹՕ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Յառաջիկայ շաբաթ Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մէկտեղուեցաւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրէօմի, Ֆինլանտիոյ արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենի, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Վիլնիուսի գագաթաժողովին ընդառաջ հրատապ օրակարգ դարձած է Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ դաշինքին անդամակցութիւնը։ Այս խնդիրը թէեւ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ է, սակայն, Թուրքիոյ վերապահութիւնները պատճառ կը դառնան, որ գործընթացը ի կատար ածել կարելի չըլլայ։ Անգարա հետեւողականօրէն կը շեշտէ իր սպասումները եւ երէկուան բանակցութիւններն ալ կը հետապնդէին այդ վերապահութիւններու յաղթահարման նպատակը։ Յամենայնդէպս, Պրիւքսելի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ հնչեցին որոշ յայտարարութիւններ, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել, թէ մինչեւ Վիլնիուսի գագաթաժողովը կարելի պիտի չըլլայ երաշխաւորել Շուէտի անդամակցութիւնը։ Նոյնիսկ Վիլնիուսի գագաթաժողովին հնարաւոր կրնայ չըլլալ այդ անդամակցութիւնը՝ թէեւ թրքական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ վերջնական որոշումը պիտի տրուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Պրիւքսելի երէկուան բանակցութիւններուն մասնակից թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ Հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդականը՝ դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։ Թուրքիա թէեւ Ֆինլանտիոյ անդամակցութեան պարագային բաւարարուած է, սակայն, Շուէտի պարագային կացութիւնը նոյնը չէ։ Միացեալ Նահանգներն ալ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ Թուրքիան համոզելու համար, սակայն, այս փուլին ակնկալուած արդիւնքները չկան։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրներու շուրջ Թուրքիոյ եւ Շուէտի միջեւ գոյութիւն ունին խոր տարակարծութիւններ, որոնց վրայ կու գան աւելնալ՝ մահմետականներու Սուրբ Գիրքին՝ Քուրանի հրկիզումով հրահրուած խնդիրները։ Անգարա Սթոքհոլմի ղեկավարութեան կողմէ ցարդ առնուած քայլերը կը համարէ անբաւարար։

Տեղական մամուլին հաղորդումներով, վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին հնարաւոր չէ եղած կողմերու դիրքորոշումներուն մէջ փոփոխութիւն ապահովել։ Վիլնիուսի գագաթաժողովէն առաջ հնարաւոր է այս տագնապին կապակցութեամբ ամենաբարձր մակարդակի վրայ առանձին քննարկում մը կազմակերպել։ Յամենայնդէպս, այդ փուլին վերջնական խօսքը պիտի վիճակի նախագահ Էրտողանին։

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2023