ԶԱՐԻՖ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իր շփումները նախատեսուած են Զարիֆի կողմէ իրականացուելիք տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ծիրին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ Թեհրանի եւ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ Վիեննայի մէջ գոյացած համաձայնութենէն վերջ Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ կ՚իրականացնէ իրերայաջորդ նման շրջագայութիւններ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, այս ծիրին մէջ է, որ Ճեւատ Զարիֆ պիտի ժամանէ Անգարա եւ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուի նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Թեհրանի աղբիւրները մատնանշած են, թէ Ճեւատ Զարիֆի այցը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։ Ծանօթ է, որ վերջերս հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած էր երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հասան Ռուհանիի միջեւ։
Բաց աստի, Օգոստոսի 12-ին ալ Զարիֆ պիտի այցելէ Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութ։ Քննարկումներուն շրջագծով Զարիֆ անդրադարձ պիտի կատարէ նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան արդիւնքներուն։