ԶՕՐԱՄԱՍԵՐՈՒ ՍՏՈՒԳՈՒՄ
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ստուգումներ իրականացնելու նպատակով այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի առաջնագիծը։ «Ազատութիւն» ռատիօկանային հաղորդումներով, զօրամասերուն մօտ ստուգումներ կատարելու ժամանակ ան յայտարարեց, թէ ազէրի ժողովուրդը այլեւս չի համբերեր ու կը պահանջէ վերադարձնել տարածքները։ «Յենլով միայն սեփական ուժերուն վրայ՝ ազէրի զինուորը պիտի վռնտէ թշնամին գրաւեալ տարածքներէն՝ վերականգելով մեր տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ զինուորներուն հետ զրուցելու ընթացքին Հասանով։
«news.am» կայքէջն ալ նոյն կապակցութեամբ տեղեկացուց, որ Զաքիր Հասանով տեղւոյն վրայ ստուգած է Ատրպէյճանի բանակի միաւորումներուն եւ ստորաբաժանումներուն մարտունակութիւնը։ Հասանովի այդ ստուգումները կատարուած են Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանով։ «Մեր նպատակն է՝ ստուգել զինուորներու եւ սպաներու ընդհանուր վիճակը, զօրամասերու մարտունակութիւնը», պարզաբանած է Հասանով ու պնդած է, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վախի մէջ է, որովհետեւ «ժամը հասած է»։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս կապակցութեամբ թողարկած են նաեւ զանազան լուսանկարներ, որոնց մէջ Զաքիր Հասանով կ՚երեւի խրամատներու մէջ, զինուորներու հետ զրուցելու ժամանակ կամ զինուորական ճաշարանի մէջ։
Միւս կողմէ, Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հերթական անգամ պնդեցին, թէ Ատրպէյճանի զօրքերը վար առած են հայկական անօդաչու թռչող սարք մը։ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու աղբիւրները հերքեցին այդ պնդումները։