ՏԱՐԱՆՋԱՏՈՒԱԾ ԳՈՐԾ

Կիւմ­րիի մէջ տա­րե­մու­տին Աւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դամ­նե­րը դա­ժա­նա­բար սպան­նած ռուս զի­նուոր Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի սկսի Օ­գոս­տո­սի 12-ին։ Մինչ դա­տա­վա­րու­թեան թուա­կա­նը յայտ­նի դար­ձած է, Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը այս նիւթին կա­պակ­ցու­թեամբ կը փո­խան­ցեն բազ­մա­թիւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղա­կա­յուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­խա­րիս­խի զի­նուոր­նե­րէն Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով պի­տի դա­տուի նոյն քա­ղա­քին մէջ։ Ե­րե­ւա­նի 5-րդ կա­յա­զօ­րա­յին զի­նուո­րա­կան դա­տա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Ռու­սաս­տա­նի Հիւ­սի­սա­յին Կով­կա­սի զի­նուո­րա­կան դա­տա­րա­նի 5-րդ կա­յա­զօ­րի դա­տա­րա­նը վճիռ ար­ձա­կած է, որ­պէս­զի Փեր­մեա­քո­վի պա­րա­գա­յին ի­րա­կա­նա­ցուի ար­տագ­նայ դա­տա­կան նիստ։ Ա­ւե­լի ա­ռաջ հա­ղոր­դուած էր նաեւ, որ դա­տա­կան նիս­տը պի­տի ըլ­լայ բաց։

Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով կը մե­ղադ­րուի Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տիսեան­նե­րու եօթ հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն սպա­նու­թեամբ։ Նա­խաքն­նու­թեան տուեալ­նե­րով, ռուս զինուո­րա­կա­նը ինք­նա­կամ, զէն­քով լքած է պա­հա­կա­կէ­տը եւ կա­տա­րած՝ այս յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Թուր­քիոյ սահ­մա­նը հա­տե­լու փորձ կա­տա­րե­լու ժա­մանակ ռուս սահ­մա­նա­պահ­նե­րուն կող­մէ ձեր­բա­կալուած Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով խոս­տո­վա­նած էր իր մեղ­քը։

Ռու­սա­կան կող­մը վեր­ջերս այս գոր­ծը փո­խան­ցած էր հայ­կա­կան կող­մին։ Ռու­սա­կան կա­յա­զօ­րա­յին դա­տա­րա­նը Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վը պի­տի դա­տէ զէն­քով դա­սալ­քու­թիւն կա­տա­րե­լու, զէնք ու զի­նամ­թերք յափշ­տա­կելու եւ զա­նոնք ա­պօ­րի­նի ձե­ւով կրե­լու մե­ղադ­րանք­նե­րով։ 

«news.am» կայ­քէ­ջին կող­մէ փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով, Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու սպա­նու­թեան գոր­ծին վե­րա­բերեալ նիւ­թե­րը տա­կա­ւին չեն տրուած փաս­տա­բան­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ կը շա­րու­նա­կուի փաս­տա­թուղ­թե­րուն թարգ­մանու­թիւ­նը։ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ի­րա­ւա­յա­ջոր­դին փաս­տա­բա­նը՝ Ե­րեմ Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ ռու­սա­կան կող­մը գոր­ծը յանձ­նած է Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէին եւ այդ փու­լէն վերջ տա­կա­ւին փաս­տա­բան­նե­րը չեն կան­չուած։ Ե­րեմ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով, ի­րենց տե­ղե­կա­ցուած է, թէ տա­կա­ւին գոր­ծին վե­րա­բերեալ նիւ­թե­րը կը թարգ­մա­նուին ռու­սե­րէ­նէ հա­յե­րէ­նի՝ որ­պէս­զի տրա­մադ-րըւին ծա­նօ­թաց­ման հա­մար։ Ինն հա­տոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած է այս գոր­ծը եւ իւ­րա­քան­չիւր հա­տո­րը կը բաղ­կա­նայ շուրջ 250 է­ջէ։

Թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տե­լէն վերջ տա­կա­ւին ժա­մա­նակ պի­տի պա­հան­ջուի, որ­պէս­զի փաս­տա­բան­նե­րը ծա­նօ­թա­նան այդ նիւ­թե­րուն, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին մի­ջամ­տու­թիւն­ներ ը­նեն։ Այն­պէս, որ տա­կա­ւին կա­նուխ է խօ­սե­լու հա­մար Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու սպա­նու­թեան գոր­ծի դա­տա­վա­րու­թեան սկիզ­բին շուրջ։ Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան կա­յա­զօ­րա­յին զի­նուո­րա­կան դա­տա­րա­նը Օ­գոս­տո­սի 12-ին պի­տի քննէ դա­սալ­քու­թեան եւ զէնք գող­նա­լու կտրուած­քով մե­ղադ­րան­քը, որ հաս­ցէագ­րուած է Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վին։ Ե­րեմ Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ այս գոր­ծին հետ ի­րենք ո­րե­ւէ կապ չու­նին ու չեն ներգ­րա­ւուած որպէս կողմ։

«tert.am» կայ­քէջն ալ անդ­րա­դարձ կա­տա­րած է նոյն նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ռու­սա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ ե­ղած ար­ձա­գան­գին։ Այս­պէս, մատ­նան­շած է, թէ այս գոր­ծը պի­տի քննեն Հա­յաստա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը եւ դա­տա­վա­րու­թիւնն ալ պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ հայ­կա­կան ա­տեան­նե­րուն մէջ։ Այդ աղ­բիւրներն ալ հաս­տա­տած են, որ ռու­սա­կան զի­նուո­րա­կան դա­տա­րա­նը պի­տի քննէ միայն Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Սպանու­թեան մա­սին գոր­ծը ա­ռանձ­նա­ցուած է, յա­ռաջ կը տա­րուի ան­ջա­տօ­րէն ու փո­խան­ցուած է հայ­կա­կան կող­մին։ Ռու­սա­կան կայ­քէ­ջեր մատ­նան­շած են, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու քննչա­կան կո­մի­տէ­նե­րու եւ դա­տա­խա­զու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը հրա­ժա­րին մեկ­նա­բա­նե­լէ Փերմեա­քո­վի գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Ռուսաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յանձ­նա­րա­րած է լա­րուա­ծութիւն չյա­ռա­ջաց­նել Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներուն մէջ եւ ի­րա­վի­ճա­կը չսրել։

Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ եւս վեր­ջին օ­րե­րուն վերս­տին օ­րա­կար­գի վրայ է այս նիւ­թը։ «Ժո­ղո­վուրդ» օ­րա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սած են խորհր­դա­ծութիւն­ներ, թէ ին­չո՞ւ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կ՚ա­ճա­պա­րեն սկսե­լու հա­մար Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու սպա­նու­թեան դէպ­քին դատաքն­նու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ձգտին՝ որ­քան հնա­րա­ւոր է այն­քան շուտ սկսիլ դա­տա­վա­րու­թեան։ Ներ­կա­յիս այս ե­րե­ւոյ­թը կը բա­ցատ­րուի նաեւ ա­ւան­դա­կան հան­գա­ման­քով մը։ Ար­դա­րեւ, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ձգտին դա­տա­վա­րու­թեան ձեռ­նար­կել մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 14-ը՝ Ս. Խա­չի տօ­նը։ Փաստ է, որ Հա­յաստա­նի մէջ հան­գու­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կը յար­գե­լու տե­սան­կիւ­նէն ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Ս. Խա­չի տօնն ու ա­նոր յա­ջոր­դող մե­ռե­լո­ցի օ­րը։ Կաս­կա­ծէ վեր է, որ այդ մե­ռե­լո­ցին ժա­մա­նակ կիւմ­րե­ցի­ներն ու Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն պի­տի վե­րագ­րեն Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի հան­գու­ցեալ ան­դամ­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Ուս­տի, տրա­մա­բա­նա­կան է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ձգտին, որ­պէս­զի Վալերի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը մինչ այդ ար­դէն ա­ւար­տած ըլ­լայ կամ առ­նուազն թե­ւա­կո­խած՝ աւար­տա­կան հանգ­րուան եւ այլեւս կաս­կած­ներ չմնան, թէ ոճ­րա­գոր­ծին պա­տի­ժը պի­տի ըլլայ ա­ռա­ւե­լա­գոյն՝ ցմահ ա­զատազր­կում։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015