ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ վերջերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ի շարունակութիւն այժմ կը սպասուի անոնց դէմ դիմաց հանդիպման, որու մասին համաձայնութիւն գոյացած էր։ Զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը կը նախատեսուի ներկայ ամսուան վերջին շաբթուան տեւողութեան։ Այդ հաղորդումները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Արդարեւ, ըստ նոյն աղբիւրներուն, Էրտողան-Փութին մօտալուտ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։

Բաց աստի, երկու ղեկավարները ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնեն Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերականգնումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023