ՆԱԶԵԼԱՇՈՒՔ ԵՒ ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» պետական երգիծական թատրոնի սրահին մէջ, ուր հերթական անգամ հանդիսատեսները հմայեց՝ համահայկական հարթութեան վրայ։ Արդարեւ, «Մարալ» Հայաստան մեկնած էր Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ։ Կիւմրիի «Շիրակ» մարզադաշտին վրայ, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ունեցած ելոյթին առընթեր, համոյթը երէկ երեկոյեան ալ մասնաւոր ձեռնարկով մը Երեւանի մէջ ներկայացաւ գեղարուեստասէրներուն։ Սա իսկապէս պատկառազդու երեկոյթ մըն էր, որու ընթացքին «Մարալ»ի նազելաշուք պարերը արժանացան բուռն ծափահարութիւններու։ Փառաշուք այս ելոյթը նոր օղակ մը աւելցուց «Մարալ»ի ձեռքբերումներու շղթային վրայ՝ միշտ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ։

«Յակոբ Պարոնեան» սրահի բեմը երէկ հարթակ դարձաւ պոլսահայ երիտասարդներու անմոռանալի ելոյթին։ «Մարալ»ի տղաքը մեծ վարպետութիւն ցուցաբերեցին՝ ապացուցանելով, որ այս ոլորտին մէջ կ՚առանձնանան եւ իսկապէս կը փայլին՝ իրենց արդար վաստակով, կարգապահութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ։ Այդ բոլորի արդիւնքն էին իրենց արժանացած համակրանքը, գնահատանքը, որոնց թագն ու պսակը հանդիսացաւ ծափողջոյններու տարափը։ Համոյթի ելոյթին յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ սոփրանօ Գարին Պոզքուրթի մեներգները։

Այս ձեռնարկին առթիւ, «Մարալ»ին կողմէ յուշանուէրներ պատրաստուած էին՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի, կառավարութեան առընթեր սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի եւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի համար։ Նախարարին ու յանձնակատարին յուշանուէրները յանձնուեցան իրենց ներկայացուցիչներուն՝ ձեռամբ Արի Չոլաքի եւ Վարդուհի Մսըրլեանի։

Համահայկական խաղերու բացումն ու անմիջապէս յաջորդած երէկուան ելոյթը՝ «Մարալ»ի տղոց պարգեւեցին իրերայաջորդ երկու յաղթանակներ, որոնք արդար ուրախութեան առիթ դարձան բոլորին տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023