ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՏՈՂԱՆՑՔ

Համահայկական 8-րդ խաղերը արդէն ընթացքի մէջ են։ Շաբաթավերջին, Կիւմրիի «Շիրակ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ծրագիրը գործադրուեցաւ իսկապէս բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Սա նոր սերունդի պատկառելի տողանցք մըն էր, որ հայոց արդի պատմութեան առկայ ճակատագրական փուլին կը զուգադիպի։ Համահայկական խաղերը հերթական անգամ առիթ դարձան միասնութեան, եղբայրութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան պատգամի փոխանցման։

Համահայկական 8-րդ խաղերու ջահը վառեց Ողիմպիականներու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, որ ծնունդով Շիրակի մարզէն է։ Աշխարհի 41 երկրի 179 քաղաքէն՝ ընդհանուր թիւով 7161 մարզական պատուիրակ կը մասնակցի խաղերուն։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի պետական աւագանին՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի։ Ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտին մէջ արտայայտուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ «Այսօրուան այս տօնը առաջին հերթին ոգեկոչումն է մեր բոլոր նահատակներուն, որովհետեւ ի ցոյց կը դնէ մեր ժողովուրդի, Հայաստանի Հանրապետութեան կամքը յաղթահարելու եւ ապրելու, զարգանալու եւ յառաջ ընթանալու՝ ի հեճուկս բոլոր բարդութիւններուն։ Այս օրը նոր խորհրդանշան մըն է մեր ապագային համար, որովհետեւ մենք կը մտնենք պատմական շրջափուլ մը, ուր պետութիւն ունենալու մեր կամքը պէտք է մնայ անսասան, հայրենիքը պետութիւն դարձնելու եւ պետութիւնը հայրենիք ընկալելու մեր մտածելակերպը պիտի վերահաստատուի», ըսաւ ան։

Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման տողանցեց նաեւ թրքահայ մարզական բազմանդամ պատուիրակութիւնը, որու անդամները ջերմօրէն ողջունեցին մարզասէրները։ Բացի մարզիկներէն, տողանցքին մասնակցեցաւ նաեւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը, որ գեղարուեստական բաժնին մէջ ալ ունեցաւ իր դերը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Մարզադաշտի հազարաւոր ներկաներուն վրայ իր քնքոյշ ձայնով խոր տպաւորութիւն գործեց նաեւ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ, որ հերթական անգամ արդարացուց իր՝ արդէն համահայկական համբաւը։

Միւս կողմէ, Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման առթիւ, Կիւմրիի «Շիրակ» մարզադաշտի սրահին մէջ սարքուեցաւ նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Հայաստանի ղեկավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներն ու սփիւռքի հիւրերը մէկտեղուեցան եւ զիրար շնորհաւորեցին՝ այս կարեւոր մրցաշարքի կազմակերպումը հերթական անգամ գլուխ հանած ըլլալու համար։ Այս փուլին թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներն ալ ներկայացան նախագահ Խաչատուրեանին եւ վարչապետ Փաշինեանին։

     

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023