ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԳՈՐԾԱԿՑԻ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԲԵՌՆԱՓՈԽԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑ ՄԸ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի մասնակցութեամբ կը ծրագրուի կազմակերպել հանդիպում մը՝ առեւտրային երթուղիներու գործարկման վերաբերեալ։ «Սփութնիք Արմենիա»ն լոժիստիք ընկերութիւններէ սեփական աղբիւրներու հիման վրայ այս մասին ըրած է հաղորդումներ, որոնց արձագանգած է նաեւ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։ Կը նախատեսուի, որ սոյն հանդիպումը տեղի ունենայ Իրանի մէջ։
Ըստ յիշեալ աղբիւրներուն՝ Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի փոխադրութեան ոլորտի ներկայացուցիչները պիտի ծանօթանան Ճապահար նաւահանգիստի ենթակառուցուածքներուն։ Օրակարգի վրայ կու գան հարցեր՝ այս նաւահանգիստէն ներս Հայաստանի՝ որպէս օփերաթէօր գործունէութիւնը ապահովելու համար։ Բաց աստի, անդրադարձ պիտի կատարուի այս երթուղիի շուտափոյթ գործարկման վերաբերեալ հարցերու։
Սոյն երթուղիով նախատեսուած է Պարսից ծոցի երկիրներէն եւ Հնդկաստանէն ապրանքներու փոխադրութիւնը՝ դէպի Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրները։ Հնդկաստանի Մումպայի նաւահանգիստէն բեռները կրնան առաքուիլ Ճապահար նաւահանգիստը, որ Իրանի հարաւ-արեւելքին կը գտնուի։ Այնուհետեւ ցամաքային ճամբով բեռները կը փոխադրուին Հայաստան։ Սա կ՚ըլլայ կա՛մ երկաթուղիով կամ մեծ բեռնատարներով։ Հայաստանէն վերջ բեռները կ՚ուղարկուին դէպի Վրաստան, ուրկէ ալ անոնք կը հասնին դէպի Պուլկարիոյ կամ Յունաստանի նաւահանգիստները։ Նոյն ձեւով բեռները Ռուսաստան ալ կրնան ուղարկուիլ՝ թէ՛ նաւահանգիստներու միջոցաւ եւ թէ Վերին Լարսի ցամաքային սահմանի անցակէտով։
Հայաստանի կառավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ յառաջ կը քշէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որուն տրամաբանութեան կը համընկնի այս ծրագրեալ եռակողմանի հանդիպումով հետապնդուած նպատակը։ Արդարեւ, մեծ ջանքեր կը գործադրուին միջազգային բեռնափոխադրումներուն մէջ Հայաստանի կշիռը բարձրացնելու համար՝ որպէս տարանցման հանգոյց։