ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄԸ

«DefenseNews» պարբերականը հրապարակեց՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան աշխարհի մեծագոյն հարիւր ընկերութիւններուն ցուցակը։ Այս տարի սոյն ցանկին վրայ Թուրքիայէն հինգ ընկերութիւն տեղ գտած է։ Այս վերջիններուն շարքին լաւագոյն ցուցանիշը ունի ASELSAN-ը, որ կը զբաղեցնէ 42-րդ հորիզոնականը։ Միւս ընկերութիւններն են՝ TUSAŞ-ը, ROKETSAN-ը, ASFAT-ը եւ MKE-ը։

Այս ցուցակին վրայ կայ հինգ երկիր, ուրկէ հինգ կամ աւելի ընկերութիւն մեծագոյն հարիւրներու շարքին դասուած է։ Այդ հինգ երկիրներէն մին Թուրքիան է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2024