ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՀՈՎԵՐ
Փարիզի Ողիմպիականներուն մետայլ նուաճած երկու հայ մարզիկներ երէկ երեկոյեան վերադարձան Երեւան։ Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականէն Արթուր Դաւթեան ու Վահագն Դաւթեան մեծ համակրանքով ու բացառիկ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։ Ինչպէս պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, այնպէս ալ մարզասէրները ջերմօրէն շրջապատեցին մարզիկները։
Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ, արծաթէ մետայլ նուաճած մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան ըսաւ. «Ուրախ եւ հպարտ եմ այս արդիւնքին համար։ Նախորդ Ողիմպիական խաղերուն պրոնզէ մետայլ նուաճած էի ու կարելի է ըսել՝ այս անգամ արդիւնքս բարելաւեցի։ Մետայլս կը նուիրեմ իմ ազգին, իմ ընտանիքին ու իմ հարազատներուն, որոնք մշտապէս իմ կողքին են ու կ՚աջակցին ինծի»։
Հարկ է նշել, որ Փարիզի Ողիմպիականներու շրջանակներէն ներս ամբողջ հայկական մարզաշխարհի ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է ըմբշամարտի մրցապայքարին վրայ։ Հայաստանի հաւաքականէն Արթուր Ալեքսանեան երեկոյեան ժամերուն իր դասաւորման եզրափակիչ փուլին Փարիզի մէջ հանդէս կու գայ՝ Իրանի ներկայացուցիչին դիմաց։ Արթուր Ալեքսանեան հայկական ընտրանիին մէջ ոսկէ մետայլի գլխաւոր յաւակնորդը կը նկատուի։