ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐԸ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Փա­րի­զի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ՝ Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն առ­ջեւ առ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղով մը։ Ֆրան­սա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սեպ­տեմ­բե­րի 8-ին նա­խա­տե­սուած խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն պի­տի շօ­շա­փուին Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ հար­ցե­րը պի­տի քննար­կուին այդ հա­մա­տես­քին մէջ։

Ա­ւե­լի քան վաթ­սուն եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ պի­տի մաս­նակ­ցին այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին. օ­րի­նակ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան, Ի­րաք, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա, Թուր­քիա ե­ւայլն։ ՄԱԿ-ի գլխա­ւո­րու­թեամբ շարք մը մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն խորհր­դա­ժո­ղո­վին։ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս եւ Յոր­դա­նա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նա­սըր Ճու­տէհ պի­տի ըլ­լան խորհր­դա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։

Ըստ ֆրան­սա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յու­նա­ցու­մէն եւ ճգնա­ժա­մա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լէն ի վեր ֆրան­սա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կը փոր­ձէ աշ­խու­ժօ­րէն ներգ­րա­ւուիլ հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն։ Ֆրան­սա­կան կող­մը կը ջա­նայ հան­դէս գալ որ­պէս Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նէա­կան հա­մայնք­նե­րու պաշտ­պան։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտն ալ տա­կա­ւին ան­ցեալ Մար­տին Ֆրան­սա­յի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նէա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Օ­լանտ նոյն նիւ­թին անդ­րա­դար­ձած էր նաեւ ան­ցեալ Ապ­րի­լին Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։

Կը նա­խա­տե­սուի, որ այս խորհր­դա­ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին որ­դեգ­րուի Փա­րի­զի ծրա­գի­րը ո­րով պի­տի ու­րուագ­ծուին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015