ԵՄԷՆԸ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՎԻԵԹՆԱ՞Մ

Ե­մէ­նի Սա­ֆէր քա­ղա­քին մէջ, Ուր­բաթ օր, «Ան­սար Ալ­լահ»ի եւ Ա­լի Ապ­տալ­լա Սա­լէ­հի ու­ժե­րուն կող­մէ գրան­ցուած յար­ձա­կու­մը ծանր հա­րուած կը հաս­ցնէր շրջան հա­սած Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու եւ Պահ­րէյ­նի ու­ժե­րուն: Գրո­հին հե­տե­ւան­քով կը զոհուէին հա­րիւր­վեց զի­նուոր­ներ: Հու­սի­նե­րու «Ան­սար Ալ­լահ» շար­ժու­մի մէկ բան­բե­րը խօ­սե­լով կազ­մա­կեր­պուած յար­ձա­կու­մին մա­սին ը­սած է, որ սոյն գրո­հը ա­միս­ներ տե­ւած հե­տա­խուզ­ման մը ար­դիւնքն է: ԱՖՓ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ա­ւե­լի վերջ հա­ղոր­դեց, որ սպան­նեա­նե­րուն մէջ կան քա­ռա­սուն­հինգ Արա-բական Միացեալ Էմիրութիւններէ (յատ­կա­պէս Ա­պու Տհա­պիէն) եւ հինգ Պահ­րէյն­է զի­նուոր­ներ: Չնա­յած ա­նոր, որ միւս սպան­նեա­լու­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դուիր, սա­կայն պայ­թու­մէն օր մը վերջ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ կը շրջէին տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց մնա­ցեալ բո­լոր սպան­նեալ­նե­րը սէուտ­ցի­ներ են: Պա­տե­րազ­մա­կան նոր խա­ղաոճ որ­դեգ­րած հու­սի­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծած զէն­քե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար ռու­սա­կան են: Ա­նոնք այս տի­պի գրոհ­նե­րով ո՛չ միայն ա­նակն­կա­լի բե­րել կը փոր­ձեն ա­րա­բա­կան դաշ­նա­կից ու­ժե­րը, այլ նաեւ աշ­խա­տանք կը տա­նին փո­խել Ե­մէ­նի տագ­նա­պին կա­պուած պաշ­տօ­նա­կան Ռիա­տի կե­ցուածք­նե­րը:

Այս մա­սին խօ­սած են ա­մե­րի­կա­ցի դէ­տեր, ո­րոնք նկա­տել տուած են, որ ե­մէ­նեան տագ­նա­պին հա­մար տա­րուող բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րու մասն­կա­ցող սէուտ­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մօտ նկա­տե­լի է ո­րոշ ճկու­նու­թիւն մը:

Մաա­րէպ քա­ղա­քի մօտ ե­ղող Սա­ֆէր ա­ւա­նին դէմ (կը գտնուի Սան­հա­յէն դէ­պի ա­րե­ւելք 250 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ) կա­տա­րուած գրո­հը տե­ղի ու­նե­ցած է ա­րա­բա­կան դաշ­նա­կից ու­ժե­րուն պատ­կա­նող զօ­րա­նո­ցի մը դէմ, ազ­դե­լով նաեւ Մաա­րէ­պը հու­սի­նե­րէն «մաք­րա­գոր­ծե­լու» այդ ու­ժե­րուն ա­ւե­լի վաղ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ: Ե­մէ­նի պա­տե­րազ­մին սկիզ­բը Ա­րա­բա­կան ծո­ցի վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ խօ­սե­ցաւ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց մա­սին: Այս­պէս, երբ անցեալ Մար­տի 25-ին սկիզբ կ­­՚առ­նէր հա­մա­րա­բա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն վա­յե­լող «վճռա­կա­մու­թեան փո­թո­րիկ» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, Ռիատն ու Ծո­ցի եր­կիր­նե­րը կը հա­ւա­տա­յին, որ հու­սի­նե­րուն դէմ սկիզբ ա­ռած պայ­քա­րը շու­տով իր «դրա­կան պտուղ­ներ»ը պի­տի տար, սա­կայն այդ­պէս չե­ղաւ:

Հու­սի­նե­րուն հա­մար յաղ­թա­նակ կը հա­մա­րուի գե­տին պա­հելն ու չնա­հան­ջե­լը: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ մայ­րա­քա­ղաք Սան­հան ան­ցաւ դաշ­նա­կից ու­ժե­րու հո­վա­նին վա­յե­լող Ե­մէ­նի Նա­խա­գահ Ա­պըտ Ռա­պու Ման­սուր Ալ Հա­տիի ու­ժե­րուն մաս­նա­կի տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ հու­սի­նե­րը շատ հե­ռու են դէ­պի ի­րենց լեռ­նա­յին ա­պաս­տա­րան­նե­րը քա­շուե­լու գա­ղա­փա­րէն:

Օ­րեր ա­ռաջ Սա­ֆա­րի մէջ ռու­սա­կան «Թոչ­քա» հրթի­ռով գոր­ծուած գրո­հը մե-­ծա­գոյն ցու­ցա­նի­շի է, որ շիի հու­սի­նե­րը կը գտնուին ի­րենց «լաւ օ­րե­րուն մէջ»:

Ե­մէ­նի մէջ շղթա­զեր­ծուած պա­տե­րազ­մը սէու­տա­կան ստո­րագ­րու­թիւն կը կրէր ու այդ­պէ­սով Ռիատ կը կա­մե­նար կոտ­րել Ի­րա­նի թե­ւե­րը շրջա­նին մէջ: Այ­սօր սա­կայն այս փա­փաք­նե­րը գե­տին չու­նին: Ռիա­տի հա­մար մտա­հո­գիչ է յատ­կա­պէս Ե­մէ­նի հետ սահ­մա­նա­յին քա­ղաք­նե­րուն մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը: Այդ մա­սին հա­ղոր­դուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կան ա­ղօտ են ու կան են­թադ­րու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց նոյն շիի զի­նեալ­նե­րը «ներ­թա­փան­ցում» կ­­՚ի­րա­կանց­նեն սէու­տա­կան Նաժ­րան եւ Ժի­զան քա­ղաք­նե­րէն ներս:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը կա­րե­ւոր են Մաս­քա­թի մէջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր: Կը սպա­սուի նաեւ, որ Ծո­ցի ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց կրած վեր­ջին հարուա­ծէն ետք Ռիա­տի մօտ բա­ցի ի­րենց անհանգս­տու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րե­լէ, բա­ցա­յայտ կեր­պով սկսին խօ­սիլ ա­րա­բա­կան դա­շին­քէն ի­րենց քա­շուե­լուն մա­սին:

Մինչ տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին Ռիա­տի թա­գա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քին մօտ Ե­մէ­նի տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թեանց եւ երկ­փե­ղում­նե­րուն մա­սին, ան­դին Ո­ւա­շինկ­թըն գտնուող Սալ­ման թա­գա­ւոր պի­տի փոր­ձէ ա­մէն գնով խնդրի վե­րա­բե­րեալ ա­մե­րի­կեան առ­կայ նե­ցու­կը վե­րա­ծել գործ­նա­կան զի­նուո­րա­կան մաս­նակ­ցու­թեան:

Սալ­ման թա­գա­ւոր սա­կայն կը մոռ­նայ, որ Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի իշ­խա­նա­կար­գը կտրա­կա­նա­պէս դէմ է, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ զի­նուո­րա­կան ո­րե­ւէ մի­ջամ­տու­թիւն կա­տա­րէ ո՛չ միայն Ե­մէ­նի, այլ նաեւ Մի­ջին­ Ա­րե­ւել­քի ո­րե­ւէ այլ երկ­րի մէջ:

Ե­մէ­նեան պա­տե­րազ­մին գծած ճա­նա­պար­հը նաեւ կը շեշ­տադ­րէ, որ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րը զնուո­րա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ձեռք ձգե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը չու­նին, հա­կա­ռակ ա­նոնց ու­նե­ցած ա­մե­րի­կեան ար­դիա­կան զէն­քե­րուն եւ մի­ջոց­նե­րուն:

Ա­միս­ներ ա­ռաջ ե­գիպ­տա­ցի ա­նուա­նի վեր­լու­ծա­բան լրագ­րող Մո­ւհամ­մէտ Հա­սա­նէն Հայ­քալ twitter-եան գրա­ռում մը կա­տա­րե­լով լուրջ մտա­վա­խու­թիւն յայտ­նած էր, թէ Ե­մէ­նը կրնայ նոր Վիեթ­նամ դառ­նալ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հա­մար:

Այ­սօր Սան­հա­յի, Ա­տէ­նի, Մաա­րէ­պի եւ Ե­մէ­նի տար­բեր քա­ղա­քե­րուն մէջ մըղ-ւող «ան­հա­ւա­սար» պա­տեր­զա­մին զար­գա­ցում­նե­րը այս մա­սին կը վկա­յեն մա­նա­ւանդ, ե­թէ Ռիատ մեր­ժէ կա­րե­ւոր զի­ջում­ներ ներ­կա­յաց­նել ե­մէ­նեան հար­ցե­րու ՄԱԿ-ի յա­տուկ պա­տուի­րակ Իս­մա­յիլ Ո­ւըլտ Ալ Շէյխ Ահ­մա­տի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Մաս­քա­թի մէջ ըն­թա­ցող ժո­ղով­նե­րուն:

Ի վեր­ջոյ Ռիատ պէտք է հասկ­նայ, որ այս հանգ­րուա­նին անհ­նար է զի­նուո­րա­կան ուժ գոր­ծադ­րե­լով չէ­զո­քաց­նել շիի հա­ւա­տամ­քով մա­հու ու կե­նաց կռիւ մղող հու­սի­նե­րը:

Ի­րա­նի ազ­դե­ցու­թեան դէմ սկիզբ ա­ռած Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ե­մէ­նի մէջ մղած պա­տե­րազ­մը այ­սօր մտած է վտան­գա­ւոր փուլ մը եւ ե­թէ զար­գա­ցում­նե­րը այս կեր­պով շա­րու­նա­կեն ըն­թա­նալ, ա­պա այդ ազ­դե­ցու­թիւ­նը կրնայ տե­ւա­կան դառ­նալ:

Այս ի­րա­վի­ճէն խու­սա­փե­լու հա­մար Ռիատ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ զի­ջում­նե­րու եւ այդ զի­ջում­նե­րը պէտք է հիմ­նուած ըլ­լան հա­կա­ռա­կորդ կող­մին գո­յու­թեան ի­րա­ւուն­քը յար­գե­լու մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015