ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան դէ­պի Մոս­կուա ձեռ­նար­կած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով այ­սօր կը տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը կը քննար­կեն հայ-ռու­սա­կան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ։ Նա­խա­գահ­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Վլա­տի­միր Փու­թին նկա­տի կ՚առ­նեն նաեւ Հա­յաս­տա­նի Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն վերջ հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը եւ հե­տա­գայ ծրագ­րե­րը։

Սարգ­սեան-Փու­թին տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­ներն ալ մատ­նան­շե­ցին, որ օ­րա­կար­գի վրայ կու գան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ խո­րաց­ման հար­ցե­րը, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին-մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան տա­րած­քէն ներս հա­մարկ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Ե­րե­ւա­նի զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ կը մատ­նան­շեն, թէ Սերժ Սարգ­սեան յան­պատ­րաս­տից այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­ռա­ջին հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը տա­րա­ծուած է Քրեմ­լի­նի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ, ա­պա մեկ­նա­բան­նե­րը հա­մո­զուած են, թէ տե­սակ­ցու­թիւ­նը ռու­սա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած է։ Դա­տե­լով այ­սօ­րուան հան­դիպ­ման բո­վան­դա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­ղոր­դում­նե­րէն՝ Ե­րե­ւա­նէն շարք մը մեկ­նա­բան­ներ կը պնդեն, որ Մոս­կուա, ըստ էու­թեան, ու­նի Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ կարգ մը ան­հանգըս-տու­թիւն­ներ կամ դժգո­հու­թիւն­ներ։ Այս հան­գա­ման­քին կը վե­րագ­րուին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան բո­վան­դա­կած ակ­նար­կու­թիւն­նե­րը՝ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու ուղ­ղեալ քննար­կում­նե­րուն շուրջ։ Այս ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը շատ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րուի, ո­րով­հե­տեւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջա-գըծով Հա­յաս­տան Ռու­սաս­տա­նի նկատ­մամբ կար­ծես, թէ կ՚ը­նէ՝ հնա­րա­ւո­րէն կամ տրա­մա­բա­նա­կա­նէն նոյ­նիսկ ա­ւե­լին։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան հի­ման վրայ ալ ու­նին այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ այս տե­սակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը նոր յա­ռա­ջա­ցած է։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015