Շաբաթ 10, Մայիս 2025
ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանին վրայ դարձեալ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը՝ Արման Սարգսեան (2002)։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ սեպտեմբերի 5-ի երեկոյեան, սահմանագօտիի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ ան թիրախ դարձած է Ատրպէյճանի զօրքերու կրակին եւ նահատակուած։ Դէպքին կապակցութեամբ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս նիւթերու նախապատրաստութիւն սկսած է։
Նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ կը բաժնէ այս ծանր կորուստին վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արման Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակից ընկերներուն։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022